Նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, թէեւ Ռէալ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն Լուտոկորեցի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին (2-1) փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ նշանակեց կոլ մը, 69-ի բարձրացուց այս մրցաշարքին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը` կոլով մը գերազանցելով Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին:
Սակայն այս մրցաշարքին լաւագոյն կոլսքորըրը կը հանդիսանայ Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալես, որ նշանակած է 71 կոլ:


