Ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարես Պարսելոնայի Բ. խումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ինտոնեզիոյ 19 տարեկանէն վար ազգային խումբին դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, կը յայտնէ ArmSport.am:
27 տարեկան յառաջապահը կոլի հեղինակ դարձաւ 12-րդ վայրկեանին` կրկնապատկելով հաշիւը:
Սուարես, որ «ՖԻՖԱ»-ին կողմէ 4 ամիսով կախակայուեցաւ, քաթալոնիական ակումբին հետ իր նորամուտը պիտի նշէ 26 հոկտեմբերին` Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի մրցումին:


