Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ուրալի Եքաթերինպուրկը, ուր հանդէս կու գայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստ Էտկար Մանուչարեան, իր դաշտէն դուրս հանդիպեցաւ Քրիլիա Սովեթովին:
Սամարան ներկայացնող ակումբը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ուրալի:
Վերջինիս մաս կազմող Մանուչարեան նշանակեց իր խումբին միակ կոլը, այդ ալ` մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ):


