ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Այս քանի դարեր, զրկուած հողէդ, ջուրէդ, լեռներէդ, Հայաստան աշխարհ կ՛ապրինք քեզ երազելով: Դարեր շարունակ օտարին լուծով ապրեցար, լացով, բայց այսօր դարձեալ եղար հայրենիք հզօր, անկախ ու ազատ:
Սփիւռք ենք, այո՛, մնացորդ պայծառ, քեզ հետ մենք կ՛ապրինք օրերուն օտար: Բայց ինչո՞ւ արդեօք զաւակներդ այսօր քեզ կը թողուն, կը հեռանան աշխարհներ օտար:
Առաջին անգամ հինգ դարերէ ետք, Հայաստան աշխարհ քեզ կերտեց ժողովուրդն հայոց, սխրանքով հրաշք, քեզ անուանեցինք մայիս 28, կեցցէ՛ Հայաստան: Արեան, քրտինքի արդիւնք հայրենիք, կարճատեւ եղաւ ցնծութիւնը մեր, զի ոտքեր օտար եկան ու ճզմեցին զօրութիւնը մեր արդար:
Այդ ցաւոտ օրերուն մկրտեցին քեզ անունով տարբեր, դարձար այս անգամ Խորհրդային Հայաստան:
70 տարիներ հայը իր հայրենիքին մէջ ապրեցաւ օտարականի նման: Դրացիները հարազատի կերպարի մէջ մտան: Երգեցին «Եղբայր դարձան Հայաստան Ազրպէյճան», ապա այդ եղբայրութեան հաշիւը մաքրեցին Սումկայիթի ջարդերով:
Սփիւռք… Ի՞նչ պատահեցաւ երկաթէ վարագոյրին ետին: Ներգաղթ յայտարարեց Խորհրդային Հայաստան, փութացին հայեր ասպնջական Սուրիայէն եւ Լիբանանէն: Հազիւ տնակ մը կերտած, նոր օճախ դարձած` երգելով գացին հայրենիք:
«Խորհրդային ազատ անկախ Հայաստան…» Գացին նաւերով յորդուն: Ո՞ւր էր հայրենիքը, չգտան, որովհետեւ Սիպերիան` սառնամանիք հիւսիսը շփոթի մատնեց զիրենք: Ո՞ւր մնաց ազատ, անկախ սովետականը: Շատեր չդիմացան, ուրիշներ կմախքի վերածուած` կորսնցուցին երիտասարդութիւն, լացին իրենց ճակատագիրը սեւ…
Սփիւռք մնացինք: Մեր ապրած երկիրը` Լիբանան, առիթներ եւ դիւրութիւն շնորհեց մեզի երգելու մեր Հայաստանը, առանց կարմիր դրօշի, Եռագոյն դրօշ ունեցող Հայաստանը: Տօնեցինք մայիս 28-ը երբեմն լիբանանեան մէկ գետափին, Նահր Քելպի ջուրերուն եզրին, այն գետը, զոր Ա. Ծառուկեան գրած էր իր քերթողութեամբ` Շնառուակ բացատրողականով:
Ուրիշ տարեդարձի մը մայիս 28 տօնուեցաւ Զահլէի Վատի գետափին, միշտ վերանորոգ ցնծութեամբ: Յետոյ ունեցանք հանդիսավայր սրահներ, նոր երիտասարդութիւն, նորոգեալ ժողովուրդ` առաւել կազմակերպ: Ունեցանք սրահներ «Գերմանիկ», «Յ. Տէր Մելքոնեան», ներկայ են մայիս 28-ի կերտիչներուն ներկայացուցիչները` Արամ Սահակեան, Կարօ Սասունի, Սիմոն Վրացեան եւ այլ անմոռանալիներ, որոնք յիշեցուցին բեմերէն:
Նորազարթ սերունդներ լսեցին խօսքեր հաւատքով արտասանուած: «Ժողովուրդ հայոց, երիտասարդներ, անպայման պիտի գայ այդ օրը, որ հեռու չէ, Եռագոյնը պիտի ծածանի Մասիսի լանջին, Հայաստանի խորհդարանի վերեւ»։ Խանդավառութիւն։ Խօսքը կը շարունակուի ծափերու տարափով, «Եթէ ես չտեսնեմ, դուք պիտի տեսնէք, բռնակալութիւնները ի վերջոյ պիտի տապալին»: Ճիշդ է. Կարօ Սասունիներ չտեսան Հայաստանի վերանկախացումը, բայց յաջորդող սերունդները գացին ու տեսան հայոց աշխարհը, հայոց հողը: Եռագոյնը կը ծածանի ամէն տեղ, «Մեր հայրենիք»-ը կ՛երգենք պաշտօնական թէ անպաշտօն առիթներով, բեմերէն երգեր հնչեցին հին օրերու կարօտը յիշեցնող` «Յառաջ, նահատակ ցեղի անմահներ»-ը հնչեց բարձրաձայն, մեր հաւատքը, սերունդներու հաւատքը հասան նորագոյն սերունդներուն, որոնք հայրենիք կ՛այցելեն բանակումներ կատարելու Մասիսի ստորոտին, Երեւանէն մինչեւ Արցախ:
Վերյուշը ինքզինք պարտադրեց: Յիշեցի հայրս, որ ամէն անգամ Դաշնակցութեան կազմակերպած մայիսեան տօնահանդէսէն տուն վերադարձին` յուզուած շեշտով մը կ՛ըսէր.
«Կարօ Սասունին նորէն ըսաւ, թէ` «Պիտի գայ այն օրը, երբ Եռագոյնը պիտի ծածանի Հայաստանի ազատ, անկախ խորհրդարանին վերեւ, եթէ ես չտեսնեմ, դուք պիտի տեսնէք», արդեօք ես ալ կը տեսնե՞մ»:
Խօսքս կ՛ուզեմ փակել 21 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուած նորանկախ Հայաստանին համար երգելու հաւատալով.
«Մեր հայրենիք, ազատ անկախ,
Որ ապրել ես դարէ դար»…
1918 մայիսի 28-ին կերտուած ազատ ու անկախ Հայաստանը պահենք մեր աչքերուն բիբին պէս, չհեռանանք այս դրախտավայրէն, որքան ալ դժուար ըլլան օրերը: Այսօր միասնաբար գոչելու օրն է.
Կեցցէ՛ յաւերժական ազատ, անկախ Հայաստան:
18 սեպտեմբեր 2014


