Երէկ Ռումանիոյ մէջ սկիզբ առաւ Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական ախոյեանութիւնը:
66 քկ դասակարգին մէջ Արսէն Ղազարեան յաղթելով փորթուգալցի, ազրպէյճանցի եւ գերմանացի իր մրցակիցներուն հասաւ աւարտական հանգրուան, ուր սակայն պարտուելով Փարուչ Շմայլովէն (Իսրայէլ), տիրացաւ արծաթ մետալին եւ հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:


