Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դուք Նորութիւնը Չէք Սիրեր…

September 20, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

– Աղուոր բանաստեղծութիւններ ունիմ, գրած եմ: Կրնաք ձեր թերթը անոնցմով ճոխացնել. եթէ կ՛ուզէք, մէյ մը կը ղրկեմ. միայն թէ ձեր տան հասցէն չունիմ, կու տա՞ք,- հեռաձայնով հարցուց խօսակիցս:

Հասցէս տուի, եւ քանի մը օր ետք վեց բանաստեղծութիւն ստացայ:

– Ստացա՞ք, գրածներս ստացա՞ք,- հարցուց հեռաձայնով ծանօթացած խօսակիցս,- այդ վեց բանաստեղծութիւններէս գոնէ մէկ հատը հայրերու տօնին առթիւ եթէ տպէք շատ լաւ բան մը կ՛ըլլայ շիտակը: Ես քովս ուրիշներ ալ ունիմ: Կը մտածեմ` օր մը գիրք մը հրատարակել: Իմ քովս 150 տարուան գիրքեր ունիմ. օր մը եկէք` ձեզի ցոյց տամ: Այս կիրակիի ձեր թիւին մէջ հայրերուն նուիրուած բանաստեղծութիւնս կը տպէք չէ՞:

– Նայինք: Խմբագրութիւնը պիտի որոշէ: Միայն թէ ինչո՞ւ համար ձեր բանաստեղծութիւններուն մէջ կէսը արեւելահայերէն եւ կէսն ալ արեւմտահայերէն կը գրէք, այդպէս խառն, եկածին պէս,- հարցուցի:

– Ես այդ մասին խորհեցայ շիտակը: Բայց ինչո՞ւ: Աւելի լաւ չէ՞: Կարելի չէ՞ գրութեան մը մէջ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն արտայայտուիլ… աւելի լաւ, համով չըլլա՞ր: Ես քովս 150 տարուան գիրքեր ունիմ, բայց այսօր եթէ մէկը երկու-երեք տող կարդայ, վերջը կը ձգէ, չի շարունակեր: Ինչո՞ւ, որովհետեւ բան մը չի հասկնար: Խառնուած հայերէնով աւելի լաւ է, չէ՞: Արդէն, մենք հայերս նորութիւնները չենք սիրեր. ատոր համար է, որ յառաջ չենք երթար. եթէ մինչեւ հիմա իրարու ձեռք ձեռքի տայինք, մեր երիտասարդները «Թուքէ» եւ ատանկ գիշերային վայրեր չէին երթար պարելու համար. տիսքօ եւ այլն պարելու տեղերը պիտի չերթային, եւ օտար աղջիկներուն հետ պիտի չամուսնանային: Հապա մեր աղջիկները ի՞նչ պիտի ըլլան: Հապա ի՞նչ պիտի ընեն մեր հայ աղջիկները: Ստիպուած` անոնք ալ նոյն բանը պիտի ընեն, եւ այս ընթացքով մեր ազգին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ հապա: Արդէն, մեր նոր բաներուն չհաւնելնուս համար է, որ մենք` հայերս այսքան տուժած ենք եւ միշտ ետ մնացած ենք…

– Բայց, կը ներէք, ես ձեզ վշտացնելու համար չէ որ ըսի. կը հասկնա՞ք: Միայն ըսածս այն է, որ նոյն բանաստեղծութեան մէջ ինչո՞ւ համար երկու տեսակ հայերէնով կ՛արտայատուիք, տեղ մը արեւելահայերէն, տեղ մը` արեւմտահայերէն, ըսածս այս է միայն:

– Ի՞նչ է, չ՛ըլլա՞ր: Արգիլուա՞ծ է: Աւելի լաւ չէ՞: Նորութիւն է:

– Նորութիւն է, բայց…

– Բայց հայրերուն մասին իմ գրած բանաստեղծութիւնս այս կիրակիի ձեր թիւին մէջ պիտի տպէ՞ք, թէ՞ ոչ:

– Խմբագրութիւնը պիտի որոշէ, ես  առանձինս բան մը չեմ կրնար ըսել:

– Յաջողութիւն:

Ձայն չմնաց, զրոյցը վերջացաւ: Ցտեսութիւն` նորաձեւութիւն եւ յառաջդիմութիւն:

Փարիզ
Յունիս, 1986

 

Նախորդը

Պահպանենք Այն, Ինչ Որ Գեղեցիկ Է

Յաջորդը

85-Ամեակին Ընդառաջ. Յառաջիկայ Շաբաթ Դպրեվանքը Իր Դռները Կը Վերաբանայ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.