Երէկ ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 16 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ 556 կէտով կը գրաւէ 52-րդ դիրքը:
Աշխարհի ախոյեան Գերմանիա, կը շարունակէ գրաւել պարագլուխի դիրքը` 1766 կէտով` իր ետին ձգելով Արժանթինը (1631 կէտ) եւ Քոլոմպիան (1488 կէտ):
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով Հայաստանի մրցակիցներէն Փորթուգալ կը գրաւէ ամէնէն բարձր դիրքը` 11-րդ: Դանիա կը գտնուի 27-րդ դիրքին վրայ, մինչ Սերպիա, որ նահանջ արձանագրեց, կը գտնուի 34-րդ դիրքին վրայ: Վերջապէս, Հայաստանի վերջին մրցակիցը` Ալպանիա, 25 դիրք բարձրանալով այժմ կը գրաւէ 45-րդ դիրքը:


