Երէկ յետմիջօրէին Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ աւարտեցաւ Խրուաթիա – Հայաստան 17 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական երկրորդ մրցումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստան դարձեալ պարտուեցաւ դաշտին տիրոջմէն, այս անգամ` 4-1 արդիւնքով: Առաջին մրցումին Հայաստան պարտուած էր 4-0 արդիւնքով:
Արամ Դանիէլեանի խումբին միակ կոլի հեղինակը Ա. կիսախաղին հանդիսացաւ Էմիլ Ղուկասեան:


