Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ալիանսա Լիմա 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ինթի Կաս Տեփորթեսին:
Դաշտին տիրոջ երկու կոլերուն մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ հայ յառաջապահ Մաուորօ Գեւգէօզեան:
Անոր մէկ փոխանցումէն ետք, Քրիսթիան Քուեվա նշանակեց Ալիանսայի հաւասարութեան կոլը (45-րդ), մինչ մրցումին աւարտէն երեք վայրկեան առաջ նոյնինքն Գեւգէօզեան նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը:
Նշենք, որ այժմ երկու մրցումէ Ալիանսա ապահոված է 4 կէտ:


