Նախորդ տարեշրջանին Օլտ Թրեֆորտի ոստիկանութիւնը յաճախ կը ստիպուէր լուրջ քայլեր առնելու` հանդարտեցնելու համար համակիրները:
Ոստիկանութիւնը կ՛ըսէ, թէ տրամաբանական է, որ համակիրներու ձերբակալումը աւելիով կ՛ըլլայ` յառաջատար խումբերու իրենց սեփական դաշտին վրայ ունեցած խաղերուն ընթացքին:
Մանչեսթըր Եունայթըտի պարագան ամէնէն բարացուցականն է, երբ 112 համակիրներ անցեալ տարեշրջանին տարբեր պատճառներով չկրցան ամբողջութեամբ հետեւիլ խաղին, որովհետեւ անոնք կը ձերբակալուէին ու դուրս կը դրուէին դաշտէն:
Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Մանչեսթըր Սիթին (71 ձերբակալութիւն), երրորդ դիրքին վրայ է Արսենալը (67): Այս երեքին վրայ կ՛աւելնան Սանտըրլենտը (62) եւ Լիվըրփուլը (58): Սակայն ամէնէն հանգիստ ակումբներն են` Սաութհեմփթըն (14 ձերբակալութիւն), Սուանզի (9) եւ Նորուիչ (4):
Հետաքրքրական է, որ Անգլիոյ ախոյեանութեան մէջ ձերբակալուողներուն համեմատութիւնն է 1 ձերբակալուող 16800 համակիրներու մէջ: Նշենք նաեւ, որ 2000 թուականէն ի վեր ձերբակալութեան պարագաները պակսած են 76 առ հարիւրով:


