Պրազիլցի միջնապահ Ռոնալտինիօ, որ վերջերս միացաւ մեքսիքական Քերեթարօ ակումբին, սպանական «Մարքա» օրաթերթին խօսեցաւ իր ապագային մասին:
Ան ըսաւ, թէ ինք նոյն ձեւով կը ներկայանայ բոլոր ակումբներուն հետ, եւ Մեքսիքոյի մէջ իր նպատակը պիտի ըլլայ շահիլ բաժակները եւ գրաւել մեքսիքացի կիները:
Ան աւելցուց ըսելով, որ ֆիզիքապէս պատրաստ է եւ ինք ծանօթ է մեքսիքական ախոյեանութեան, որովհետեւ իր եղբայրը եւ ընկերները ելոյթ ունեցած են այդ ախոյեանութեան մէջ:


