Պրազիլցի նախկին ֆութպոլիստ եւ ֆութպոլի աշխարհի հանրածանօթ աստղ Փելէ` Պրազիլի ազգային հաւաքականի 7-1 պարտութենէն ետք մերժած է ստանձնել խումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Այս մասին Փելէ յայտարարեց գերմանական «Տի. Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան ըսաւ. «Այո՛, 7-1 պարտութենէն ետք ինծի առաջարկեցին գլխաւորել ազգային խումբը: Այդ մէկը մեծ պատիւ է, որովհետեւ առաջարկութիւնը ցոյց կու տայ արդէն, որ մարդիկ հետաքրքրուած են ինձմով եւ կը վստահին ինծի, սակայն ես չկրցայ նման վտանգաւոր քայլ առնել»:
Յիշեցնենք, որ աշխարհի ախոյանութենէն ետք Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարիին փոխարէն Պրազիլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Տունկան:


