Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Հռոմը Կը Քայքայուի՞

September 12, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Հռոմի Քոլոսէումը վերանորոգելու 32 միլիոն տոլարի ծրագիր մը հովանաւորուած է կաշիէ կօշիկներու եւ պայուսակներու հռչակաւոր վաճառանիշ Թոտ՛ծի կողմէ: Իտալական վտանգուած այլ կոթողներ (տեսնել` վարի նկարները) կը վերանորոգուին նոյն ձեւով:
Հռոմի Քոլոսէումը վերանորոգելու 32 միլիոն տոլարի ծրագիր մը հովանաւորուած է կաշիէ կօշիկներու եւ պայուսակներու հռչակաւոր վաճառանիշ Թոտ՛ծի կողմէ: Իտալական վտանգուած այլ կոթողներ (տեսնել` վարի նկարները) կը վերանորոգուին նոյն ձեւով:

ԻՏԱԼԱՑԻՔ ԱՅՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ, ԹԷ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՏԻԶՆԻԼԵՆՏԻ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾԵՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿՐԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ ԱՅԼ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ: «ՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԹԱԿԱՐԴՈՒԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿՈԹՈՂՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄԸ` ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ:

Անոնք ձեւագծած են աշխարհի մեծահարուստներուն հանդերձանքը եւ գոհարներով զարդարած են Հոլիվուտի աստղերը: Իսկ այժմ Իտալիոյ նորաձեւութեան թագաւորները գործի լծուած են վերանորոգելու համար երկրին փլուզուող կոթողները եւ զանոնք վերադարձնելու իրենց անցեալի փառքին. բան մը, որ ընելու կարողութիւնը չունի Իտալիոյ դրամազուրկ պետութիւնը:

Սակայն, մինչ Իտալիա կը փորձէ սեփական մարզէն դրամ ապահովել` փրկելու համար հնադարեան աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր կոթողները, անդին` վիճարկութիւն մը սկսած է ծաւալիլ պատմութեան առեւտրականացումին ի տես: Իտալացիք միշտ ալ զգուշ եղած են խուսափելու համար ամերիկեան ոճի պիտակներէն, որոնք կրնան ստեղծել, օրինակ,  Փրատայի Պոպէյը կամ Կուչիի Ծռող աշտարակը: Սակայն քննադատներ արդէն սկսած են դժգոհութիւն յայտնել առեւտրական ընկերակցութիւններու կողմէ Իտալիոյ ազգային ժառանգութեան իրաւունքներու չարաշահութեան նկատմամբ:

«Թոտ՛ծ»-ի Քոլոսէումը

Միւս կողմէ` ամէն ոք համաձայն է, թէ սուր կարիքը կայ վերանորոգութեան: Ապականութեան մէջ թաղուած եւ կարգ մը պարագաներու` փլուզուող շարք մը գլխաւոր վայրեր երկար ժամանակէ ի վեր վտանգուած են: Թրեւի շատրուանին քարի վրայ քանդակուած դափնեպսակներու տերեւները սկսած են թափիլ` դիցաբանական ձմրան մը ցուրտը յիշեցնելով: Հռոմի հռչակաւոր ամփիթատրոնին` Քոլոսէումին սկզբնական գոյնը` փղոսկրի երանգ մը հռոմէացի սուսերամարտիկներու օրերուն, մթագնած է քաղաքին մերօրեայ ձիակառքերուն` ինքնաշարժներու ծուխին պատճառով:

Վենետիկի Հառաչանքի կամուրջը:
Վենետիկի Հառաչանքի կամուրջը:

Այն մտավախութեամբ, թէ քաղաքին մշակութային ժառանգութեան գլխաւոր վայրերը Տիզնիլենտի կրնան վերածուիլ, Իտալիոյ պետութիւնը ընդհանրապէս խուսափած է վերանորոգութեան եւ հոգատարութեան համար օգտուելէ սեփական մարզի նուիրատուութիւններէն եւ հովանաւորութիւններէն: Սակայն բազմաթիւ տարիներէ ի վեր Իտալիոյ դիմագրաւած տնտեսական տագնապը եւ կարգ մը վայրերու պարագային` փլուզումի լուրջ վտանգը շրջած են իտալացիներուն կեցուածքը: Իրենք զիրենք ներկայացնելով իբրեւ մարդկութեան ամէնէն յատկանշական արուեստի գործերուն հոգատարները` անոնք սկսած են իրենց դատին լծել միլիառատէրեր, ընկերութիւններ, նոյնիսկ` օտար պետութիւններ:

Մինչ իտալացիք իրենց կոթողները կը ծանուցեն իբրեւ մանուկներ, որոնք հոգատարի կարիքը ունին, անդին` իտալական նորաձեւութեան առաջնորդները սկսած են հասնիլ օգնութեան: Անոնք միլիոնաւոր եւրօ կը ծախսեն խիստ անհրաժեշտ վերանորոգութիւններու համար, որոնց փոխարէն` կը պահանջեն հովանաւորի տարբեր իրաւունքներ, միաժամանակ` խթանելով արուեստի եւ հնագիտական վերանորոգութեան երկրամեայ ժամանակաշրջան մը Իտալիոյ արդի պատմութեան մէջ:

Հռոմի Քոլոսէումը:
Հռոմի Քոլոսէումը:

Նոյնիսկ երբ շինարարական երկաթները կը բարձրանան հնադարեան կառոյցներու շուրջ եւ վարպետ վերանորոգողներու բանակ մը գործի կը լծուի, իտալացիք այնքան ալ ուրախ չեն սեփական մարզի նիւթական յատկացումներուն ներխուժումով: Անոնք կ՛ըսեն, թէ հովանաւորներու դիմելով` Իտալիա կրնայ կորսնցնել իր ոգին: Օրինակ, կարգ մը նուիրատու ընկերութիւններ պիտի առնչուին իրենց վերանորոգած կոթողներուն հետ, ինչ որ զանոնք պիտի վերածէ նորաձեւութեան վաճառանիշի:

Օրինակ`

Ֆենտիի Թրեւի շատրուանը:
Թոտ՛ծի Քոլոսէումը:
Պուլկարիի Սպանական սանդուխները:

Օտար Նուիրատուութիւնները`
Միակ Լուծում

Հնադարեան Պոմպէյը:
Հնադարեան Պոմպէյը:

«Շատ մտահոգիչ երեւոյթ է, որ Իտալիոյ պետութիւնը իր վաճառանիշը չունի,- կ՛ըսէ Իտալիոյ Լուքքա համալսարանին մէջ հնադարեան արուեստի պատմութեան դասախօս Լուիզա Քաթոնի:- Ճիշդ է, որ ասիկա պահպանումի եւ վերանորոգութեան հարց է, սակայն նաեւ` ճաշակի»:

Իտալիոյ պետութիւնը ժամանակին ազգային ժառանգութիւնը կը համարէր իր իրաւունքը: Սակայն տեղական եւ պետական քաղաքական գործիչներ հիմնական շեղում մը սկսան կատարել երկու տարի առաջ, երբ պետական տուրքերու հսկայական կրճատումներ խոստացան վերանորոգութեան համար նուիրատուութիւններ կատարող ընկերութիւններու: Խոստումը սկսաւ գործադրուիլ այս տարի: Իրականութեան մէջ իտալական պետութեան մշակութային պիւտճէն չափազանց սահմանափակուած է իրերայաջորդ «հիւանդ» կառավարութիւններու օրով, մինչ երկրին կոթողներուն վիճակը սկսած է աւելի վատթարանալ: Օրինակ, Պոմպէյի սրընթաց փլուզումը համաշխարհային աղմուկ բարձրացուցած է եւ հնագէտներ ահազանգ հնչեցուցած են (մարտին Պոմպէյի մէջ փուլ եկաւ Վենիւսի տաճարին մէկ պատը):

Հետեւաբար ոմանք կը մտածեն, թէ միակ լուծումը օտար նուիրատուութիւններն են: Վերջերս Հռոմի քաղաքապետութիւնը նախնական համաձայնութիւն մը գոյացուցած է Սէուտական Արաբիոյ հետ, որ պիտի հոգայ Օգոստինոս կայսեր դամբարանին վերանորոգութիւնը:

Թրեւի շատրուանը` Հռոմի մէջ:
Թրեւի շատրուանը` Հռոմի մէջ:

Ինացիօ Մարինօ, որ տարիներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատած է իբրեւ պատուաստող վիրաբուժ եւ այսօր Հռոմի քաղաքապետն է, այս ամիս գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ Քալիֆորնիոյ մէջ` ներգրաւելու համար արհեստագիտութեան կեդրոն Սիլիքոն Վալիի միլիոնատէրերը, որպէսզի նուիրատուութիւններ կատարեն: Ան պիտի վիճի, թէ իտալացիք արդէն վճռական քայլերու կը դիմեն  ապահովելու համար իրենց կոթողներուն պահպանութիւնը, ինչպէս` Քոլոսէումի շուրջ ինքնաշարժներու երթեւեկի արգիլումը, որուն նպատակն է նուազեցնել անոնց ծուխին պատճառով յառաջացած մաշումը, թէեւ այս որոշումը ինքնին առիթ տուած է սուր տարակարծութիւններու: «Սակայն աշխարհը եւս պէտք է օգնէ մեզի: Առանձին չենք կրնար դիմագրաւել հարցերը», կ՛ըսէ ան:

Մինչ այդ Իտալիոյ պետութիւնը կը փորձէ այլ ուղղութիւն մը եւ կը քննէ հաւանականութիւնը սեփական ընկերութիւններու շնորհելու հնագիտական վայրերու մէջ փոքր թանգարաններ, նոյնիսկ` շահաբեր սրճարաններ կամ գրատուներ հաստատելու իրաւունքը:

Փիզայի ծռող աշտարակը:
Փիզայի ծռող աշտարակը:

«Իտալիոյ մէջ գեղեցկութիւնը անսահման է,- կ՛ըսէ Իտալիոյ մշակոյթի նախարար Տարիօ Ֆրանչեսքինի:- Նոյնիսկ եթէ այսօր պետութիւնը պակսեցուցած չըլլար հանրային ծրագիրներու իր պիւտճէն, երկրին մշակութային ժառանգութիւնը այնքա՛ն հարուստ է, որ կարելի չէ հասնիլ բոլորին: Հետեւաբար անպատեհութիւն չեմ տեսներ սեփական մարզի շահերը գոհացնելու եւ անոնցմէ օգտուելու մէջ»:

Սահմանները` Քանդուած

Այսուհանդերձ, կը թուի, թէ անցեալին իտալական կարգ մը քաղաքներ ոչ միայն անցած են առեւտրականացումի սահմանները, այլ նաեւ քանդած են զանոնք: Օրինակ` Վենետիկի Հառաչանքի կամուրջին եւ Տոճերու պալատին վերանորոգութեան ժամանակ քաղաքապետութիւնը համաձայնագիր մը ստորագրած է վերանորոգութիւնը ստանձնած ընկերութեան հետ եւ խոստացած է ծանուցել զայն` ծախսերը հոգալու համար: Արդիւնքը եղած է ահռելի եւ զանգուածային ծանուցումներու շարք մը` Քոքա-Քոլայի եւ Պուլկարիի նման ընկերութիւններու համար, որոնց դիմաց բարձրացած է ժողովրդային զայրոյթի ալիք մը:

Սակայն նուիրատուութիւններ ներգրաւող եւ հովանաւորութեան ձգտող նոր արշաւներ կը խոստանան աւելի նրբաճաշակ ծանուցումներ, մասնաւորաբար` Հռոմի մէջ: Օրինակ` Թրեւի շատրուանը վերանորոգելու համար Ֆենտի իր 2.8 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան փոխարէն` պիտի ստանայ միայն փոքր ցուցատախտակ մը` «կօշիկի տուփի չափ», որ պիտի զետեղուի շատրուանին մօտ` նշելու համար այս վաճառանիշին դերակատարութիւնը վերանորոգութեան ծրագիրին մէջ:

Հռոմի Սպանական սանդուխները:
Հռոմի Սպանական սանդուխները:

«Պետութիւնը այս բոլորին հոգալու ի վիճակի չէ,- կ՛ըսէ նորաձեւութեան տան գլխաւոր պատասխանատուներէն` Փիեթրօ Պեքարի:- Կ՛ուզենք օգնել եւ ոչ թէ` մեր անունը հսկայական տառերով արձանագրել շատրուանին վրայ»:

Ցարդ ամէնէն վիճելի համաձայնութիւնը նաեւ ամէնէն հսկայական նուիրատուութիւնն է: Իտալական կաշիէ հանդերձանքի հռչակաւոր Թոտ՛ծ վաճառանիշը 33 միլիոն տոլար նուիրած է իրականացնելու համար արդի պատմութեան մէջ Քոլոսէումի ամէնէն ամբողջական վերանորոգութիւնը: Վերջերս վերանորոգող վարպետներ թառած էին հնադարեան կառոյցին շուրջ. անոնք ջուր եւ կիր կը սրսկէին մաքրելու համար զայն: Քոլոսէումի մրոտած պատերը արդէն սկսած են ստանալ գարիի երանգ մը եւ յիշեցնել այն գոյնը, որ ունէին հնադարեան ժամանակներուն, երբ հռոմէացիք կը մէկտեղուէին` արիւնալի մարզախաղեր դիտելու համար:

Սակայն Թոտ՛ծի նախագահ միլիառատէր Տիեկօ Տելլա Վալլէի հետ կնքուած համաձայնագիր մը զայրոյթ պատճառած է քաղաքացիներու խմբաւորումի մը, որ զայն կը նկատէ չափազանց առատաձեռն: Համաձայնութիւնը Թոտ՛ծին կը շնորհէ իրաւունքը իր վաճառանիշին խորհրդանշանը որոշ ժամանակ մը տպելու Քոլոսէումի մուտքի տոմսերուն վրայ, որոնց տարեկան վաճառքը կը հասնի քանի մը հարիւր հազարի, ինչպէս նաեւ` վաճառանիշը մինչեւ 15 տարի օգտագործելու Քոլոսէումի վերանորոգութեան եւ ծանուցումին առնչուող նիւթերու մէջ:

Վենետիկի Տոճերու պալատը:
Վենետիկի Տոճերու պալատը:

Այսուհանդերձ, Տելլա Վալլէ կը շեշտէ, թէ քննադատներ կը փնտռեն յետին նպատակներ, մինչդեռ անոնք գոյութիւն չունին: Ան կը բացատրէ, թէ ընդունած է նուիրատուութիւնը կատարել, պարզապէս որովհետեւ հաճելի նկատած է հռչակաւոր կառոյց մը վերանորոգելու գաղափարը:

«Արուեստի որեւէ ձեւի զօրակցելով առանց որեւէ ակնկալութեան նուիրատուութիւն կատարելը պէտք չէ զարմանք պատճառէ,- կ՛ըսէ ան:- Յաջողելու բախտը ունեցած ընկերութիւններ պէտք է փոխադարձ դրական բան մը կատարեն իրենց երկրին համար»:

Հռոմի քաղաքապետը եւս կ՛արհամարհէ քննադատները:

«Եթէ մէկը 32 միլիոն տոլար կու տայ քեզի` Քոլոսէումը վերանորոգելու համար, գիտե՞ս` ինչ կ՛ընես, կ՛առնես տրուած գումարը», կ՛ըսէ ան:

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Թռչող Քանդակներ

Յաջորդը

Մուշի Հայկական Եկեղեցին Փլուզման Սեմին Հասած Է

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.