«Կլոպօ Էսփորթէ» պրազիլական պատկերասփիւռի յայտագիրը հաղորդեց, որ Քաթալոնիոյ գլխաւոր ակումբ Պարսելոնան, իր սեփական ակադեմիայի խաղցողներուն փոխանցումներով կրցած է 112 միլիոն եւրօ շահ արձանագրել:
Ակումբին ակադեմիային ամէնէն սուղ փոխանցումը եղած է Սեսք Ֆապրեքասը, երբ ան փոխան 33 միլիոն եւրոյի միացաւ Չելսիի, իսկ երկրորդ տեղը կը գրաւէ Թիակօ Ալքանթարան, որ իր կարգին 25 միլիոն եւրօ փոխանցումով մը միացաւ գերմանական Պայերն Միւնիխ ակումբին:


