
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ առաւօտեան այցելեց Թրիփոլիի Մինա շրջանի Մար Էլիաս եկեղեցին, ուր անցեալ շաբաթավերջին նշմարուած էին իսլամական պետութեան գալուստին անդրադարձող արձանագրութիւններ:
Ռիֆի ընդունուեցաւ Մար Էլիաս եկեղեցւոյ հովիւ հայր Կրեկորիոս Մուսայի կողմէ:
Ռիֆի խստիւ դատապարտեց եկեղեցւոյ դէմ գործուած այդ արարքները, որոնք կարգ մը վարձկաններու կողմէ կատարուած են:
Ան շեշտեց Թրիփոլիի մէջ ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան իսլամ-քրիստոնեայ ազգային գոյակցութեան եւ երբեք պիտի չարտօնեն խախտել զայն:


