
Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող թենիսի «Եու.Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 2-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր բաւական սուր պայքար մղելէ ետք ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ ան Կայել Մոնֆիսի դէմ (Ֆրանսա, 20-րդ) կատարած իր մրցումին 2 – 0 արդիւնքով ուշացած էր:
Աւարտին Ֆետերեր տարաւ վերջնական յաղթանակը` 4 – 6, 3 – 6, 6 – 4, 7 – 5 եւ 6 – 2 արդիւնքով:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Ֆետերեր 9-րդ անգամ ըլլալով է, որ երկու սեթ պարտուելէ ետք կ՛արձանագրէ յաղթանակ:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ եւ 20 վայրկեան:
Կիսաւարտականին Ֆետերեր իր դէմ պիտի ունենայ Մարին Սիլիչը (Խրուաթիա, 14-րդ), որ քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 6 – 2, 6 – 4 եւ 7 – 6 արդիւնքով յաղթեց Թոմաս Պերտիչին (Խրուաթիա, 6-րդ):


