ԼԱԽՏ
Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը հրաժարած է Չանքայա «հայկական» պալատէն եւ պիտի բնակի նոր կառուցուած պալատի մը` «Սպիտակ պալատ»-ին մէջ: Ըստ երեւոյթին, Էրտողան կը տառապի Օպամայի հետ մրցակցելու միակողմանի ու մանկամիտ մարմաջէ: Եթէ Օպամա Սպիտակ տան մէջ կը բնակի, ինք պիտի բնակի Սպիտակ պալատին մէջ: Չզարմանալ, եթէ ան վաղը Օպամային նմանելու համար երեսին մուր քսէ եւ յաւակնի Թուրքիոյ առաջին սեւամորթ նախագահը ըլլալ: Սակայն ագռաւը, որքան ալ սիրամարգի փետուրներով պճնուի, ագռաւ է, իսկ սիրամարգը` սիրամարգ: Օպամա գերտէրութեան մը նախագահն է, իսկ Էրտողան` ցեղասպան Թուրքիոյ:
Էրտողանին խորհրդականներէն մէկը պէտք է անոր յիշեցնէ թրքերէն այն ասացուածքը, ըստ որուն, հաւը եթէ փորձէ սագին ածածին չափով հաւկիթ ածել…: Այլապէս, Էրտողանն ու հաւը կրնան ճակատագրակից ըլլալ:


