Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախկին նախագահ եւ «Պայքըրզ Փրօ» ընկերութեան սեփականատէր Զիատ Ռիշա լիբանանցի մարզական լրագրողներուն ներկայացուց իտալական «Օհվալ» վաճառանիշը կրող մոթորսիքլեթը, որ յատկացուած է միայն քարթինկի մրցումներուն:
Նշենք, որ այս մոթորսայքլինկին ներկայացումը տեղի ունեցաւ նորակառոյց «Էր. Փի. Էմ.-Քարթինկ»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյնի շրջան):
Նշենք, որ այս ներկայացումին ներկայ գտնուեցան ՖԻԱ-ի եւ Ասիոյ մոթորսայքլինկի ֆետերասիոններու փոխնախագահ Նասեր Խալիֆէ Աթիէ, Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնի նախագահ Ալի Տաղեր, «Օհվալ» ընկերութեան ներկայացուցիչները` ժամանած Իտալիայէն, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Այս վաճառանիշը կրող մոթորսիքլեթը առաջին անգամ ըլլալով մուտք կը գործէ Միջին Արեւելքի վազքուղիներուն վրայ:


