Երէկ «Ազդակ» կապ հաստատեց իրաքահայ համայնքի ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչ Մելքոն Մելքոնեանի հետ: Ան յայտնեց, որ իրաքահայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուի հիւսիսիայն Իրաք` հիւսիսային Մուսուլէն գաղթական դարձած հայութեան օժանդակութիւններ կազմակերպելու առաքելութեամբ:
Մելքոն Մելքոնեան հաստատեց, որ հայերը հաստատուած են Տըհոք, Զախօ, Էրպիլ եւ Էնքաուա: Ոմանք հաստատուած են ծանօթներու մօտ, ուրիշներ վարձակալած են բնակարաններ: Իրաքահայ համայնքի ազգային իշխանութիւնները անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կը տրամադրեն` լուծելով կենցաղային եւ բնակարանային հարցեր:


