Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Ախմախ Մեծ Հայրեր…»

August 28, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ծնած եմ Հալէպ, Սուրիա, պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական առաջին տարիներս անցուցած եմ Պէյրութ, Լիբանան եւ ահա մօտ 35 տարիէ ի վեր կը բնակիմ Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա:

Հայրս ծնած է Այնթապ, Կիլիկիա եւ մէկ տարեկանին ընտանիքին հետ տեղահանուած եւ ապաստանած է Հալէպ, Սուրիա, ուր ապրած է իր կեանքին առաջին 50 տարիները, եւ իբրեւ վերապրող առաջին սերունդի անդամ` իր մորթին վրայ զգացած ու ապրած է տեղահանութեան բոլոր «բարիքները», հայու նկարագիրին համապատասխան կամքով` կերտած իր ընտանիքն ու ապագան:

Մեծ հայրս նոյնպէս ծնած է Այնթապ, բազմանդամ ընտանիքի զաւակ, ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած է իր ծննդավայրին մէջ, Ա. Աշխարհամարտին զինուոր տարուած է օսմանեան բանակին, եւ ինչպէս իր սերնդակիցներուն մեծամասնութիւնը, «վայելած» է անոր բոլոր տաժանքները: Հետագային, Այնթապի երկրորդ տեղահանութեան պատճառով վերջնականապէս կայք հաստատած է Հալէպ, տուն շինած է, գործ հաստատած եւ ընտանիքը ընդարձակած է:

Մեծ հօրս, եւ ինչո՛ւ չէ, բոլոր մեր մեծ հայրերուն տեղահանութեան գլխաւոր պատճառը իրենց ազգային պատկանելիութիւնն էր, որուն մէջ տեղ ունէր նաեւ քրիստոնէական կրօնի պատկանելիութիւնը: Չէ՞ որ մենք միաժամանակ հայ ենք ու քրիստոնեայ, քրիստոնէութիւնը հայացուցած ենք ու զայն դարձուցած` մեր ազգային պատկանելիութեան մէկ հիմնական տարրը:

Հայը ձուլելու եւ թրքացնելու օսմանեան պետութեան 500 տարուան քաղաքականութիւնը Կիլիկիոյ մէջ որոշ չափով յաջողած էր, որովհետեւ այդ շրջաններու հայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը պարտադրաբար կորսնցուցած էր իր մայրենի լեզուով արտայայտուելու կարողութիւնը: Հայերէն խօսողին բառացիօրէն լեզուն կը կտրէին… Հայերէն չէին խօսեր, սակայն հաւատարիմ էին հայութեան, կապուած էին հողին ու հայրենի օճախին: Ուստի, զանոնք թուրք բնակչութենէն զատորոշելու գլխաւոր ազդակը կրօնն էր` Հայ առաքելական եկեղեցին:

19-րդ դարու հայկական զարթօնքին իբրեւ հակադարձութիւն` սուլթան Համիտ եւ ապա երիտթուրքերը փորձեցին արագ լուծում տալ Հայկական հարցին` մէկ կողմէ քաջալերելով կրօնափոխութիւնը, իսկ միւս կողմէ` չենթարկուողները «պարգեւատրեցին» բռնի տեղահանութեամբ եւ ջարդով: (Այսօր նշեալ առաջին փաղանգին մասին կը խօսուի իբրեւ իսլամացած հայեր, որոնք վերջին տարիներուն իրենց ինքնութիւնը վերայայտնեցին Թուրքիոյ մէջ եւ ոչ արհամարհելի թիւ մը կը կազմեն):

Այսօր ես կը նկատուիմ սփիւռքի երկրորդ սերունդ, Ցեղասպանութենէն եւ ջարդերէն մօտ հարիւր տարի ետք, եթէ ակնարկ մը նետենք մեր իրականութեան վրայ, ինծի նման, սփիւռքի երկրորդ սերունդին մեծամասնութիւնը հարկադրաբար կամ կամաւոր տեղափոխուած եւ կայք հաստատած է մայր հայրենիքէն տեղահանուածները պատսպարող առաջին կայաններէն հազարաւոր մղոններ հեռու, գրեթէ երկրագունդին հակառակ կողմը (Ամերիկայի ցամաքամաս, Եւրոպա կամ Աւստրալիա):

Նոր գաղութներու մէջ ենթակայ ըլլալով տեղական զանազան հոսանքներու` այսօր մեր իրականութեան մէջ ո՛չ միայն մուտք գործած են զանազան նոր կրօններ եւ աղանդներ (Միացեալ Նահանգներու պարագային` մորմոններ, Եհովայի վկաներ, վերածնուած քրիստոնեաներ, պուտտայականներ եւ այլն), որոնք Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին լայնօրէն թափանցած են նաեւ մեր հայրենիքէն ներս, այլ նաեւ սփիւռքի երրորդ սերունդը կը գտնուի իր մայրենի լեզուով արտայայտուելու եւ զայն գործածելու լուրջ դժուարութեան առջեւ. այս ախտը դարմանելու վերջին 30-40 տարիներու փորձերը պէտք եղած արդիւնքն ու տարողութիւնը չունեցան:

Կրօնական ու մշակութային այլասերումի այս հոսանքին դիմաց դառնութեամբ հարց կու տամ ես ինծի. կ՛արժէ՞ր, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուողներն ու վերապրողները յանձն առնէին ֆիզիքական, նիւթական ու բարոյական այդ բոլոր զոհողութիւնները…

Կը մտածեմ. «Ախմա՛խ մեծ հայրեր, ամբողջ սերունդ մը, ա՛զգ մը ջարդուեցաւ, տեղահան եղաւ, հող ու հայրենիք կորսնցուց, զրկանքներ ապրեցաւ` վասն ինչի՞… Որպէսզի հասնէինք այս օրուա՞ն… վասն անձնական վայելքի եւ ապագայի` մոռնա՞նք ամէն ինչ եւ ամէն սկզբունք… Եթէ  քիչ մը հեռատես ըլլայիք, կանխատեսէիք այսօրուան օրը, վստահաբար պիտի նախընտրէիք ձեր տեղը մնալ, կրօնափոխ ու դաւանափոխ ըլլալ: Այդ պարագային, մենք պիտի գտնուէինք մեր պապենական հողերուն վրայ, տնտեսապէս պիտի ըլլայինք շատ աւելի բարգաւաճ եւ բարեկեցիկ, որովհետեւ մէկ սերունդէն միւսը պիտի փոխանցուէր եւ շարունակուէր տնտեսական որոշ պահեստ մը:

«Այսօր մեր գլխաւոր տարբերութիւնը պիտի ըլլար այն, որ Թուրքիա մնացող մեր կարգ մը հայրենակիցներուն նման, իսլամացած պիտի ըլլայինք: Ի վերջոյ, եթէ մեր ազգային-կրօնական պատկանելիութիւնը այսքա՜ն երկրորդական դարձած է, ի՞նչ տարբերութիւն, եթէ եհովայական ըլլանք, մորմոնական կամ… իսլամ:

«Տակաւին, իսլամ հայը իրաւունք պիտի ունենար առնելու 4 կին եւ այսօրուան մեր 10 միլիոնին փոխարէն` պիտի ըլլայինք 50 միլիոն…»:

… Այս մտածումներով տարուած` երբեմն կը մոռնամ ալ, որ թուրքը մեզ ջարդած է ու մեր հայրենիքը խլած` մեր ԱԶԳԱՅԻ՛Ն պատկանելիութեան եւ ոչ միայն քրիստոնեայ ըլլալնուս պատճառով: Չէ՞ որ քիւրտերը իսլամ են եւ տասնամեակներէ ի վեր կը ջարդուին մեզի նման… Չէ՞ որ այսօրուան Սուրիան ու Իրաքը մեծ մասամբ իսլամ ժողովուրդներ ունին եւ սակայն զերծ չեն թրքական ջարդարար ոտնձգութիւններէ…

 

 

 

Նախորդը

Եգիպտահայ «Արցախ» Երգչախմբի Անդրանիկ Ելոյթը Արցախում

Յաջորդը

26 Օգոստոս 1915. Դանիէլ Վարուժանի Եւ Ռուբէն Սեւակի Եղերական Վախճանը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.