Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեան Աքթոպէի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ: Ցարդ յայտնի չէ անոր վնասուածքին լրջութեան աստիճանը:
Նշենք, որ Աքթոպէ այժմ կը պատրաստուի լեհական Լեկիայի դէմ տեղի ունենալիք «Եուրոփա լիկ»-ի զտումի վերջին հանգրուանի դարձի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 28 օգոստոսին:
Երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ղազախստանի մէջ, աւարտեցաւ Լեկիայի յաղթանակով` 1 – 0 արդիւնքով:
Մրցաշարքը շարունակել կարենալու համար Աքթոպէ պէտք ունի նուազագոյնը 2 – 0 արդիւնքով յաղթանակի մը:


