Armsport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով պիտի հեռանայ Նիժնի Նովկորոտ Վոլքայէն` նկատի ունենալով, որ ակումբը որոշած է կրճատել Սարգիսովի եւ կարգ մը մարզիկներու աշխատավարձերը, ինչ որ բնականաբար մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած է ֆութպոլիստներուն մօտ:
Ս. Փեթերսպուրկի Տինամօ խումբին դէմ տեղի ունեցած Ա. դասակարգի 8-րդ հանգրուանի մրցումին մէկ անգամէն տասը ֆութպոլիստներ այս պատճառով դուրս մնացած են հիմնական կազմէն, որովհետեւ անոնք ընդհանուր յայտարարի չեն եկած ակումբին պատասխանատուներուն հետ: Անոնց կարգին եղած է Սարգիսով, որ արդէն իսկ ապաքինած է իր ստացած վնասուածքէն:


