Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Բարդ Եւ Սխալ Հիմնաւորուած Հարց Մը

August 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

0825_vahoԹրքական «Անհիմն հայկական պնդումներու դէմ պայքարի» միութեան` ԱՍԻՄՏԵՐ-ի նախագահը Իգտիրի մէջ 11 միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անունով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, թէ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները ազատօրէն կը մասնակցին իրենց եկեղեցիներու արարողութիւններուն, եւ Հայաստանէն նոյն իրաւունքը պահանջած է Թուրքիոյ մէջ բնակող իսլամներուն համար: Անոնք միութիւններուն անունով դիմած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ արտօնութիւն խնդրած` 5 սեպտեմբերին Երեւան երթալով Կապոյտ մզկիթին մէջ ուրբաթ օրուան նամազ կատարելու համար: Աւելի՛ն, անոնք Հայաստանէն ապահովական երաշխիքներ պահանջած են:

Դիմումին հիմնաւորումը սխալ է: Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները իրենց եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններուն ազատօրէն կը մասնակցին այն պարզ պատճառով, որ իրենք այդ երկրին քաղաքացիներն են, եւ սկզբունքով այդ մէկը իրենց բնական իրաւունքն է, իսկ Թուրքիոյ իսլամ քաղաքացիները Հայաստանի քաղաքացիներ չեն, ուստի կարելի չէ երկուքը նոյն նժարին վրայ դնել կամ հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած «հանդուրժողութեան» դիմաց գին պահանջել:

1 հոկտեմբեր 2010-ին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի ղեկավարութեամբ հարիւրաւոր թուրքեր Անիի Մայր տաճարին մէջ նամազ կատարեցին: Եթէ փոխադարձութեան հարց կայ, ապա այս պարագային աւելի հիմնաւորուած է հետեւեալ հարցումը. «Թուրքիոյ հայ, յոյն, ասորի կամ հրեայ քաղաքացիներն ալ իրենց կարգին իրաւունք ունի՞ն մզկիթի մը մէջ պատարագ մատուցելու»:

Թէեւ ոեւէ զբօսաշրջիկ կրնայ առանց որեւէ արգելքի այցելել մզկիթ եւ նամազ ընել, այս պարագային պէտք է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ ի տարբերութիւն Աղթամարի Ս. Խաչ թանգարան-եկեղեցւոյ, ուր «մեծահոգաբար» հայերուն արտօնութիւն տրուած է տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցելու, Երեւանի Կապոյտ մզկիթը կանոնաւոր կերպով գործող մզկիթ մըն է, որ կառուցուած է 1764-ին կամ 1768-ին` պարսկական տիրապետութեան օրերուն, Երեւանի խանութեան կառավարիչ Հիւսէյն Ալի խանի նախաձեռնութեամբ: Այլ խօսքով` Հայաստանի անկախացումէն ետք Իրանի կառավարութեան ֆինանսաւորումով նորոգուած այս մզկիթը շիիական է, իսկ թուրքերը սիւննի են: Ասիկա նուրբ հարց մըն է, որուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն իրաւասութիւնները, մանաւանդ բարոյական գետնի վրայ, սահմանափակ են, որովհետեւ հարցը նաեւ կը վերաբերի Իրանի, որուն իշխանութիւնները դժուար թէ համամիտ ըլլան սիւննիներու` Կապոյտ մզկիթ «ներխուժման»: Իսկ եթէ նպատակը Իգտիրի շրջանին մէջ բնակող շիի ազրպէյճանցիները Երեւան «գործուղելն» է, ապա Հայաստանն է, որ ապահովական երաշխիք պէտք է պահանջէ եւ ոչ թէ թուրքերը: Դիմում ներկայացնող կողմին ինքնութեան լոյսին տակ` այդ երաշխիքը ամէն պարագայի հրամայական է: Այլ հարց, թէ այդ երաշխիքը «քանի՞ փարա» կ՛արժէ:

 

 

Նախորդը

Ռուսերուն 24 Առ Հարիւրը Լեռնային Ղարաբաղը Կը Նկատէ Անկախ Պետութիւն

Յաջորդը

Հայաստան Իբրեւ Երրորդ Կողմ Պիտի Ներգրաւուի Փերինչեքի Գործին Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.