«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի լողորդ Քէյթի Լետեքի բարելաւեց իր իսկ հաստատած աշխարհի մրցանիշը, երբ աղջկանց 400 մեթր ազատ լողի մրցումներուն արձանագրեց 3’58”37 արդիւնք մը` Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած խաղաղ-ովկիանոսեան միջազգային մրցաշարքին:
17 տարեկան դպրոցական Քէյթի Լետեքի իր նախկին մրցանիշը հաստատած էր նախորդ 9 օգոստոսին` արձանագրելով 3’58”86 արդիւնք մը:
Նշենք, որ ցարդ անոր կը պատկանին աղջկանց 400, 800 եւ 1500 մեթր աշխարհի մրցանիշները:


