Անգլիական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի փոխանցումը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, օրերու հարց է` նկատի ունենալով, որ երկու կողմերը համաձայն են այդ գծով:
Անոր փոխանցումը անգլիական ակումբին պիտի արժէ 56 միլիոն փաունտ:
Տի Մարիայի գործակալը` Խորխէ Մենտես, այս քանի մը օրերուն պիտի հասնի Մանչեսթըր` ամբողջացնելու համար այդ փոխանցումը:
Արդէն իսկ Տի Մարիայի խոստացուած է թիւ 7 շապիկը, երբ ան հասնի «Օլտ Թրեֆորտ»:


