Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Վանքին Նոր Պահապանը

August 23, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱԲՂ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

hayr-Barouyr-(1)Վանքին մէջ հսկող շուք մը կայ: Տարբեր շունչ եւ շշուկ, որոնք նոյնանման յանգերով կը շշնջան: Աչքեր, որոնք տիւ եւ գիշեր լայնօրէն կը հսկեն, իսկ ցերեկները աչքեր կը գրաւեն: Սիրտ մը, որ մարմարին հաստ ծալքերու ներքեւ կը սպասէ որբ սիրտերը գուրգուրալու, անմխիթար ձեռքերը սփոփելու, իբրեւ մայր իր սիրով առատօրէն յագեցնելու մեր ծարաւ սրտերը եւ ապա` զանոնք Որդիին յանձնելու, որպէսզի Ան գինիի վերածելով` մեզ քաղցրացնէ:

Կը յիշեմ, որ քանդակագործ Վարդան Աւեսեանը ինչպիսի՛ գուրգուրանքով, քրտինքով եւ երկիւղով ծնունդ կու տար այս աստուածային կերպարներուն: Մայր մը ինը ամիս ետք ծնունդ կու տայ ուրիշ կեանքի մը, մինչ քանդակագործ վարպետը` հինգ ամիսէն, «իր ձեռքը Աստուծոյ յանձնած»` կը ստեղծէ Ս. Աստուածածնի եւ Մանուկ Յիսուսի այս ծանրաշուք մարմարէ քանդակը: Եւ քանդակի ծալքերուն մէջ թաքուն կ’ամփոփուին վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը, քաջալերանքը, սրբաօծ աջը, միաբան հայրերուն հայեացքներն ու մաղթանքները, դպրեվանեցիներուն ժպիտն ու աղօթքները…

Ցուրտ մարմարին մէջ որքա՜ն ջերմութիւն կայ Մօր ու Որդիի միջեւ, որոնք յատկապէս արտայայտուած են ձեռքերու յարաբերութեան մէջ, երբ Մանուկ Յիսուս իր փոքր, բայց աստուածային ձեռքով կը բռնէ Ս. Աստուածածնի բութամատը, իսկ աջ ձեռքը` Մարիամ Աստուածածին ի՛նք, կէս մը բռնած է: Ս. Մարիամ Աստուածածին վստահ էր իր Որդիին աստուածութենէն, բայց մայրական բնազդը չի կրնար ձգել որդիին ձեռքերը: Այս ձեռքերուն յարաբերութեան մէջ հեղինակը ուզած է մարմնաւորել աստուածայինին եւ հողեղէնին մօտիկութիւնը, որ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ իրագործուեցաւ: Մանուկ Յիսուսի քաղցրադէմ ժպիտը այնքա՜ն լաւատեսութիւն եւ սէր կը բուրէ, որ հաւատացեալին աղօթքը երկինք կ՛առաջնորդէ:

hayr-Barouyr-(2)Սակայն ի՞նչ իմաստ ունի, երբ մանուկ մը ծնի եւ մկրտութեամբ անդամ չդառնայ եկեղեցւոյ: Բայց եւ որքան զօրաւոր ու խորհրդաւոր է մկրտութիւն մը, երբ բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ կը կատարուի:

Շաբաթ, 16 օգոստոս 2014: Պատմութիւնը պիտի յիշէ այս թուականը: Պիտի յիշէ, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` Կիլիկիոյ հոգեւոր իշխանը, կիլիկեան վանքերու շունչն ու կարօտը իր սրտին, անոնց վերատիրանալու, վերականգնելու ինչպիսի՜ վճռակամութեամբ բարձրացաւ նորակառոյց Ս. Նահատակաց խորան: Առաւել քան քառասնամեայ ծառայութենէ չյոգնած իր սուրբ աջով եւ Ս. Հոգին խորհրդանշող լուսաբաշխ միւռնով օծեց Ս. Աստուածածնայ քանդակն ու խորանը: Շնորհազարդ հայրապետին աչքերուն մէջ կար խորանը, կային քանդակը եւ հազարաւոր հաւատացեալներու ակնածելի աչքերը: Ան յիշեց իր պապենական հողերուն վրայ ցեղասպան թուրքին ձեռքով յօշոտուած վանքերը եւ, ի վրէժ անոնց` մկրտեց վանքը Ս. Աստուածածնայ անունով: Որքա՜ն գօտեպնդիչ եւ յուզումնալից էին Հայրապետին խօսքերը, որոնք մղեցին հաւատացեալները` ջերմագին ծափողջիւններով ընդառաջելու քաղցր հրաւէրին: Այո՛, վեհափառ հայրապետը հայուն վրէժը կը լուծէր եւ իր ազգին, եկեղեցիին ու հայրենիքին համար աղօթքները կրկնապատկելու պարտաւորութիւնը կը շեշտէր, իր դարաւոր ուխտատեղիները կորսնցուցած ժողովուրդին յոյս կը ներշնչէր եւ առաւել պայծառ ապագայի մը հորզիոնը կը բանար:

Ուխտատեղիները հոգեւոր վերանորոգման մշտական օճախներ եղած են հաւատացեալներուն համար: Ուխտատեղիներուն մէջ կ’արձանագրուին աւանդութիւններ, հրաշքներ, իրադարձութիւններ, մշակոյթներ եւ յիշատակներ: Մեր ժողովրդական կեանքի մէջ որքա՛ն մեծ տեղ կը գրաւեն ուխտավայրերը, որոնց ներկայութիւնը կը զգանք նաեւ երգերու, պարերու, բանաստեղծութիւններու եւ արուեստի զանազան մարզերու մէջ: Ուխտատեղիներուն հանդէպ այսպիսի յատուկ կապուածութիւն եւ երկիւղ ցուցաբերող ժողովուրդի մը կեանքէն երբ կը բացակային ուխտատեղիները, կրնանք պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ անմխիթար վիճակ կը ստեղծուի: Ճիշդ այս է, որ պատահեցաւ մեր գաղթական ժողովուրդին, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք:

Փա՜ռք Ամենակալին, որ Ս. Լուսաւորչին պարգեւած իր տեսիլքը տակաւին կը շարունակէ հայ ազգի կեանքին մէջ` «Իջման սեղան»-ներ հաստատելով: Բի՜ւր օրհնութիւն` անոխակալ Ողորմածին, որ հայուն հաւատքի փարոս Լուսաւորչի կանթեղը վառ կը պահէ փորձիչին բոլոր ալիքներուն դէմ: Աստուծոյ լոյսը չի կրնար մարիլ, որքան ալ դաւադիր գիշատիչներ ուզեն խափանել անոր զօրութիւնը, լոյսն ու ջերմութիւնը: Եւ հայ ժողովուրդը որքան յոյսով ու փայփայանքով կը նայի այդ լոյսին` Աստուծոյ հսկող աչքը անոր մէջ գտնելով: Նոյն աչքերը պիտի դիտեն Աստուածածնայ վանքին քանդակը, կանթեղը եւ անտեսանելի ուժը` Ս. միւռոնը: Նոյն աչքերը պիտի սպասեն տեսնել «Զիմ Կիլիկիա»-ն, անոր արեւը եւ օճախէն բարձրացող ծուխը:

Տակաւին շա՜տ եկեղեցիներ, ուխտատեղիներ եւ հայկական կառոյցներ պիտի բարձրանան: Վեհափառ հայրապետին սրբազան աջը տակաւին շա՜տ վանքեր պիտի օծէ եւ կանթեղներ վառէ: Բայց ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ իմ սրտիս խորերէն բարձրացող տենդ ու աղօթք կայ, որ վեհափառ հայրապետին դալար ձեռքերը հասնին մեր բռնագրաւուած պապենական հողերը, ուր պիտի վերաշնչեն մեր վանքերը սրբալոյս միւռոնով, պիտի շէննան մեր սրտի կարօտ հայրենի տուները եւ հնչեն մեր վարժարաններուն ոսկի զանգերը:

 

Նախորդը

Ձօն Վերապրող Ծաղկին

Յաջորդը

«Կանգառ Երեւանում». Նկարիչները` Սիրիահայերին Օգնելու Համար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.