Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստագէտ Մը Պոնսայ Ծառեր Եւ Ծաղկեփունջեր Կ՛Ուղարկէ Տիեզերք

August 22, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԼՍԱԾ ԵՆՔ, ԹԷ ՏԻԵԶԵՐՔԸ ՎԵՀԱՇՈՒՔ ՎԱՅՐ ՄԸՆ Է: ՀԱՄԱՍՏԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԵՑՈՒՆ ԵՆ ԱՍՏՂԵՐՈՎ: ՍԱԿԱՅՆ  ՕՐԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԱՄՊԵՐՈՒ ՄՇՈՒՇԻՆ ՄԷՋ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՆՈՆՔ, ԻՍԿ ԱՆՋՐՊԵՏԸ ՊԱՅԾԱՌԱՑՆՈՂ ԱՅԼ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔՆԵՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆ: ԱՅԺՄ ՃԱՓՈՆՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ՃԱՄԲԱՅ ԵԼԱԾ Է ԾԱՂԿԵՑՆԵԼՈՒ ՏԻԵԶԵՐՔԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՈՐ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԳՈՐԾԸ:

Թոքիօ հաստատուած արուեստագէտ Ազումա Մաքոթօ պաշտօնապէս ստանձնած է անջրպետի ներքին յարդարանքը: Անոր գեղարուեստական նորագոյն գործը կը կոչուի «Էկզոպիոթանիքա»: Ան ճափոնական 50 տարուան կոնաբեր սպիտակ պոնսայ ծառ մը արձակած է դէպի տիեզերք, խոլորձի (օրքիտ), իրիսի (հիրիկ), շուշանի եւ օրթանսիայի փունջերու հետ:

985bonՅատուկ խնամքով ձեւաւորուած ծաղկեփունջերը արձակուած են Նեւատայի Պլեք Ռոք անապատէն: Ամբողջ գործընթացը նկարահանուած է ծաղկեփունջերը օդը բարձրացնող փուչիկներուն կապուած ԿօՓրօ վաճառանիշով նկարահանումի 6 գործիքներով: Ինչպէս հաւանաբար արդէն կարելի էր պատկերացնել, գեղեցկօրէն յարդարուած ծաղկեփունջերը գերիրապաշտ տեսարան մը պիտի ստեղծէին անջրպետի անսահման դատարկութեան մէջ:

«Անցեալ տարի այցելեցի Պրազիլ եւ ստեղծեցի արուեստի գործեր` օգտագործելով խիտ անտառին մէջ կեանքով լեցուն բոյսեր, որոնք կարծէք կը հառաչէին հողին խորերէն,- կ՛ըսէ արուեստագէտը:- Խելայեղ փորձառութիւն մըն էր: Իրապէս կը զգայի, թէ բոյսերը կը դասաւորէի` զանոնք երկրագունդէն դուրս արձակելու հեռանկարով: «Էկզոպիոթանիքա»-ի ծրագիրիս ներշնչման աղբիւրն էր հետաքրքրութիւնս: Ես ինծի հարց կու տայի. ի՞նչ պիտի պատահի, երբ երկինքէն դէպի անջրպետ բարձրանան այս ծաղկեփունջերը: Իբրեւ գաղափար` ճիշդ հակառակն էր այն փորձառութեան, որ կ՛ապրէի Պրազիլի մէջ»:

Նպատակը պարզ էր. «Կ՛ուզէի գիտնալ, թէ ծաղիկներն ու բոյսերը ինչպէ՛ս պիտի ծաղկէին, թառամէին եւ փոփոխութիւններ կրէին երկրագունդէն դուրս: Կ՛ուզէի տեսնել եւ ցոյց տալ անոնց գեղեցկութիւնը` երկրագունդին խորապատկերին վրայ»:

985bon2Իր ծաղկեփունջերը դէպի անջրպետ արձակելէ առաջ Մաքոթօ գործակցած է տիեզերագնացութեան «Ճէյ. Փի. Էյրոսփէյս» ընկերութեան հետ: Ան փորձարկութիւններ կատարած է շատ ցած ջերմաստիճաններու տակ, փորձած է նկարահանումի տարբեր անկիւններ, որպէսզի սկիզբէն որոշ պատկերացում մը կազմէ: Սակայն, հակառակ  նախապատրաստական բոլոր աշխատանքներուն, ոչ մէկ ձեւով կարելի էր նախատեսել այն հրաշալի գեղեցկութիւնը, որ պիտի ստեղծուէր, երբ ծաղկայարդարումի գործ մը անսանձ պիտի ծփար դէպի Յարդգողի ճամբան:

Այժմ, երբ Մաքոթօ նուաճած է տիեզերքը, իր գեղարուեստական գործերուն համար կը փնտռէ երկրագունդին աւելի մօտ վայրեր, որոնք նոյնքան տեսարժան վայելք կրնան պարգեւել: «Յաջորդ քայլս պիտի ըլլայ օգտագործել տարբեր պայմաններ, օրինակ` ծովուն յատակը, հրաբուխ մը, հիւսիսային կամ հարաւային բեւեռը, տեսնելու համար, թէ ծաղիկներն ու բոյսերը ինչպիսի՛ արտայայտութիւններ կրնան ստանալ: Մարտահրաւէր ուղղող այս գաղափարները կը խանդավառեն զիս, նոյնիսկ երբ պարզապէս կը մտածեմ անոնց մասին», կ՛ըսէ ան:

Կարելի չէ նախատեսել, թէ Մաքոթօ յաջորդին ո՛ւր պիտի տանի իր բախտաւոր ծաղկեփունջերը: Առայժմ կարելի է միայն դիտել անոնց դէպի անջրպետ ուղեւորութիւնը:

985bon3

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Պասը Սպասեցէք Քանդակի Մը Մէջ

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Մշակոյթը Պէտք Է Մերժէ Դիւանագէտ Ըլլալ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.