Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅՃԱՐ «ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԻ ՀՈՐԻԶՈՆԸ ՄԻՆՉԵՒ 2015» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

March 11, 2011
| Անդրադարձ, Յօդուածներ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մկրտիչ Պուլտուքեան
Արփի Մանկասարեան

«Հայճար» (Հայ ճարտարապետներ եւ ճարտարագէտներ) միութեան հրաւէրով տնտեսագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեան (Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ կառավարիչ) Հայկազեան համալսարանին մէջ չորեքշաբթի, 2 մարտ 2011-ին հանդէս եկաւ «Շինարարական ներդրումի հորիզոնը մինչեւ 2015» նիւթով դասախօսութեամբ:

Բանախօսը միաժամանակ հայերէն եւ անգլերէն զոյգ լեզուներով բացատրեց, թէ այսօր Լիբանանի մէջ շինարարական մարզը տնտեսական տագնապ մը կ՛ապրի բնակարաններու պահանջարկին եւ առաջարկներուն միջեւ անհաւասարութեան պատճառով: Պահանջուածը համեստ եկամուտով մարդոց համար բնակարաններ են, իսկ կառուցուածները` փարթամ, աշտարակաոճ յարկաբաժիններ, որոնց պահանջը մեծամասնութեամբ կու գայ Լիբանանի շրջանային քաղաքներէն: Միւս կողմէ` ծաւալուն շինարարութիւնը արդիւնք է նախորդ 2 տարիներուն Լիբանանի տնտեսութեան կարգ մը մարզերու բարգաւաճման (դրամատնային համակարգի կորովն ու ապահովութիւնը, զբօսաշրջութեան եռուզեռը, յարաբերական ապահովութիւնը, դուրսէն փոխանցուած գումարները, արտաքին աշխարհի նպաստաւոր դիրքորոշումը): Այս ազդակները մղեցին բնակարանային գիներուն իրականութեան չհամապատասխանող բարձրացումին, որ տուն տուաւ սկսնակ եւ անփորձ շինարարներու շուկայ մուտքին` խախտելով գիներուն եւ պահանջին հաւասարակշռութիւնը:

Պուլտուքեան աւելցուց, որ լիբանանեան շինարարական ներդրումը միշտ հիմնուած կը մնայ շահադիտական սկզբունքներու վրայ, որովհետեւ այս մարզը կը պատկանի սեփական հատուածին եւ այնտեղ կը պակսին ճշգրիտ տեղեկութիւններ: Դասախօսը շեշտեց շինարարական ներդրումի մարզին մէջ ճշգրիտ տեղեկութիւններու անհրաժեշտութիւնը` կապուած պահանջներու եւ առաջարկներու հետ ընդգծելով միջնորդ հաստատութիւններու (Ռիլ Էսթէյթ Էյճընսիզ) եւ քաղաքապետութեանց կարեւոր դերը շուկան աւելի թափանցիկ դարձնելու եւ պահանջի ու առաջարկի իսկական կացութիւնը հանրութեան ցոյց տալու մէջ, որպէսզի յաճախորդը աւելի վստահ տայ իր առուծախի որոշումը:

Պուլտուքեան յայտնեց, որ յառաջիկայ 2 տարիներուն, 3000 նոր յարկաբաժիններ մեծամասնութեամբ ընդարձակ տարածութեամբ շուկայ պիտի մտնեն եւ անոնց գիները պիտի ըլլան բարձր անոնց հողատարածքին եւ շինանիւթին գիներուն բարձրութեան պատճառով:

Վերջապէս, ան յանձնարարեց, որ շինարարութեան ներդրումները կատարուին նոր հողատարածքներու վրայ փոքր յարկաբաժիններու կառուցման համար կամ աւանդական հին տուներ վերանորոգելու համար` վերարժեւորելով հին պատմական թաղերը, շահաւէտ ներդրում մը, որ նաեւ տնտեսական ու ընկերային բարգաւաճում կ՛ապահովէ այդ շրջանին` ակնարկելով Պուրճ Համուտի հին թաղերուն: Հայճարի անունով Արփի Մանկասարեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք դասախօսին` ներկայացուց երկրաչափ Վաչէ Պոյաճեանը, որ Հայճարի կողմէն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է երկրաչափներու եւ ճարտարապետերու Լիբանանի համագործակցութեան խորհուրդի անդամներու ընտրութեան:

Վաչէ Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայճարի զօրակցութեան համար եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց կարգ մը տեղեկութիւններ եւ խնդիրներ, զորս կը դիմագրաւէ համագործակցութիւնը` շեշտելով անհրաժեշտութիւն խորհուրդին մէջ փորձառու եւ գիտակ անդամներու ներկայութիւնը, որոնք հաւաքական աշխատանքի մշակոյթը ունին: Ան խոստացաւ օգտակար ըլլալ ընդհանրապէս հայ երկրաչափին եւ մասնաւորաբար Հայճարի անդամներուն համագործակցութեան մէջ:

Արփի Մանկասարեան շեշտեց Հայճարի մէջ նոր անդամագրութեանց կարեւորութիւնը: Երիտասարդ ճարտարապետներ եւ երկրաչափեր արձագանգեցին` փափաք յայտնելով աշխատելու Հայճար միութեան մէջ:

Նախորդը

«ՇՈՒՆՉ ՄԸ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՐՄԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ)

Յաջորդը

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ` ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.