Այսօր տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 2-րդ մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Շապապ Արապի:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց, այսօր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ տիտղոսը ստանայ մրցումէն անմիջապէս ետք:
Հետեւաբար, այսօր բոլորս ալ պէտք է ուղղուինք դաշտ եւ քաջալերենք ՀՄԸՄ-ի հնգեակը` մրցումէն ետք միասնաբար տօնելու համար յաղթանակը:


