Ինչպէս ծանօթ է, 21-29 օգոստոսին Յորդանան պիտի հիւրընկալէ Արաբական երկիրներու ճատրակի աղջկանց ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ արաբական երկիրներու տարբեր դասակարգերու ախոյեան հանդիսացածներուն:
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցի նաեւ Լիբանան: Պատուիրակութիւնը այսօր Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կը մեկնի Յորդանան:
Լիբանանի 10 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեան Նանօր Առնելեանէն (Մեսրոպեան) բացի, այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող երկրորդ լիբանանահայ ճատրակ խաղացողն է 8 տարեկանէն վար Լիբանանի ախոյեան Ալիք Թենպելեան (Ճեմարան):


