Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ -Գաղութ

August 21, 2014
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իրան

Սպահանի Պետական Համալսարանի Տնօրէնին
Այցելութիւնը` Ազգային Առաջնորդարան

0803_hamalsaranՕգոստոս 3-ին, Ս. Ամենափրկչեան վանք այցելեց Սպահանի պետական համալսարանի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Թալեպի` ընկերակցութեամբ համալսարանի օտար լեզուներու բաժանմունքի, հայագիտական բաժնի եւ միջազգային յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէններուն:

Հանդիպումի ընթացքին դոկտ. Թալեպի անդրադարձաւ հայ համայնքին եւ պետական համալսարանին միջեւ սերտ կապին ու համագործակցութեան, հաստատելով, որ  հայագիտական ամպիոնը ստեղծուած էր հայ համայնքի նիւթական օժանդակութեամբ: Ան նաեւ խօսեցաւ համալսարանի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին աւելցնելով, որ Երեւանի պետական համալսարանին հետ կը փոխանակեն ուսանողներ եւ դասախօսներ,  եւ յոյս յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները աւելի ընդլայնին:

Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ  Բաբգէն եպս. Չարեան անդրադարձաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ Սպահանի պետական համալսարանի վաղեմութիւն ունեցող գործակցութեան եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց այսուհետեւ եւս շարունակելու նոյն ձեւով, յատկապէս` Երեւանի եւ Սպահանի պետական համալսարաններուն միջեւ ստեղծուած կապը հզօրացնելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ, որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման ու ընդլայնման: Սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց ուսման ոլորտին մէջ համալսարանին գործունէութիւնը:

Բաբգէն եպս. Չարեան անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` նշեց, որ 2015-ին  այս առիթով կարեւոր դերակատարութիւն  վերապահուած է Հայ դատը ծանօթացնելու ամբողջ աշխարհին եւ ասոր համար Ցեղասպանութեան հարցը գիտական մակարդակով ներկայացնելու համար կարիքը կայ համալսարաններու համագործակցութեան:

Հանդիպումի ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ օտար լեզուներու եւ միջազգային յարաբերութիւններու կապի գրասենեակի տնօրէնները, որոնք շեշտեցին Սպահանի պետական համալսարանին եւ առաջնորդարանին համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Թաւրիզի Քաղաքապետարանի Բարձրաստիճան
Պատասխանատուներու Այցելութիւնը
Ազգային Առաջնորդարան

0811_ADRBADAGANԵրկուշաբթի, 11 օգոստոսին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ ընդունեց Թաւրիզի քաղաքապետարանէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պատասխանատուին: Սրբազան հօր կողքին, սոյն հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան անդամները` լրիւ կազմով:

Թաւրիզի քաղաքապետարանէն սրբազան հօր հրաւէրով յատկապէս եկած էին 3-րդ քաղաքամասի պատասխանատու Աքպարի, ապահովական բաժինի պետ Ֆէյզի եւ քաղաքաշինութեան բաժինի պետ Ապպասի` միասնաբար քննարկելու Ազգային առաջնորդարանին կողմէ կատարուելիք շինարարական շարք մը ծրագիրներու վերջնական փուլը, անոնց լրացուցիչ պայմաններուն, հարկային հաշիւներուն, հրիտակուած կալուածի պայմաններուն հետ առնչուող խնդիրներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու յստակացման ի խնդիր:

«Ամբողջ Ատրպատականի եւ յատկապէս Թաւրիզ քաղաքին մէջ, իր շինարար ներկայութեամբ ծանօթ է հայ ժողովուրդը: Նոյն շինարար ոգիի դրսեւորումն է այն ծրագիրը, որ այսօր ձեզի կը ներկայացուի մեր կողմէ: Այս քաղաքի բարեզարդման եւ ժողովուրդի կեանքին բարօրութեան առումով գնահատելի մեր նախաձեռնութեան յաջողութեան համար կարիքը ունինք ձեր աջակցութեան: Գործերու կանոնաւոր ու հեզասահ ընթացքին մէջ մեծ է դերը Թաւրիզի քաղաքապետութեան», ողջունելով հիւրերը` ըսաւ առաջնորդ սրբազանը, աւելցնելով, թէ նման աշխատանքներու ձգձգումը կը թուլցնէ ուժերը եւ կը տկարացնէ ընդհանրապէս կառուցողական աշխատանքը:

3-րդ քաղաքամասի պետ Աքպարի պատասխանելով սրբազան հօր ողջոյնի խօսքին` յատկապէս անդրադարձաւ Ատրպատականի հայոց թեմի աշխոյժ գործունէութեան եւ ընդհանրապէս իրանահայ համայնքի շինարար ոգիին: Ապա Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ճանանեանի եւ անդամներուն` տոքթ. Աշոտ Խզրիեանի, Անի Յակոբեանի, Վարդան Աբրահամեանի եւ Գագիկ Ճորճեանի կողմէ մանրամասնօրէն ներկայացուեցան շինարարական ծրագիրները, որոնք երկար տարիներու ուսումնասիրութեան արդիւնք էին:

Աշխատանքային սոյն հանդիպումը եզրակացնելով` կողմերը ժամկէտ ճշդեցին քաղաքապետարանին կողմէ պահանջուած օրինական բոլոր գրանցումները եւ կանոնական չափագրումները ամբողջացնելու համար, որուն աւարտին շինարարական աշխատանքները կը սկսին` Իմամիէի շրջանին մէջ թեմին սեփականութիւնը եղող հողատարածքին վրայ վաճառաշահ կեդրոնի կառուցման ծրագիրը իրականացնելու հեռանկարով:

«Հայ Կին» Միութեան Նորընտիր Վարչութեան
Այցելութիւնը` Առաջնորդ Սրբազան Հօր

0811_hayginՕգոստոս 11-ին Թեհրանի «Հայ կին» միութեան նորընտիր վարչութիւնը այցելեց թեմի առաջնորդ  Սեպուհ արք. ՍարգիսեանիՆ: Սրբազան հայրը ջերմօրէն ողջունեց նորընտիր վարչութիւն եւ յաջողութիւն ու ազգանուէր գործունէութիւն մաղթեց:

Նորընտիր վարչութեան նախագահ Դիանա Յովհաննիսեան ներկայացուց վարչութեան անդամները:

Առաջնորդ սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց «Հայ կին» միութիւնը, որ աւելի քան եօթանասուն տարիներ մեծ ներդրում ունեցած է եւ ունի թեհրանահայ հասարակական, մշակութային եւ մարդասիրական կեանքին մէջ:

Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան Վանքի
Ս. Յովսէփ Արեմաթացի Եկեղեցւոյ 350-Ամեակը

0000NOR-JOUGHA2014 թուականի հոկտեմբերին հանդիսաւոր կերպով պիտի նշուի Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ 350-ամեակը` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ներկայութեամբ Հայաստանի ու Իրանի պետական բարձրաստիճան այրերու, համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներու եւ ազգային իշխանութիւններու, մշակութային ու հասարակական գործիչներու:

Այս առիթով Նոր Ջուղայի հայութեան հոգեւոր, մշակութային եւ քաղաքակրթութեան կերտման մեծ աւանդը համաիրանական եւ համազգային մակարդակով ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ հոյակերտ այս կոթողին արժէքը վեր հանելու եւ անոր 350-ամեայ պատմական եւ մշակութային կարեւորութիւնը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու նպատակով Սպահանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած է յոբելենական յանձնախումբ հետեւեալ կազմով` Անանիա վրդ. Գուճանեան, Վրէժ Շիրւանեան` նախագահ, Սոնիկ Բաղումեան` քարտուղար, Ֆրեդ Պօղոսեան` նիւթականի պատասխանատու, Ռիմա Սիմոնեան, Անդրուհի Ջաւահիրեան, Միգանուշ Տէր Մարտիրոսեան, Լորեթա Դաւթեան, Արմինէ Ղարախանեան, Ռիմա Մարկոսեան եւ Քարոլին Դիլանչեան` Թեմական խորհրդի կողմէ աշխատանքներու համակարգող:

Յոբելենական աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար մշակուած է յատուկ ծրագիր:

 

Յունաստան

«Փոքրիկ Երեւանցիներ»-ը
Ալեքսանտրուպոլիս
Այցելեցին

0718_GreeceՅուլիս 18-ին, Ալեքսանտրուպոլիս  այցելեցին  Հայաստանէն եկած «Փոքրիկ երեւանցիներ»-ու  երգի եւ պարի համոյթը` ղեկավարութեամբ Գեղամ եւ Նոնա Մանուկեաններու:

Համազգայինի ատենապետ Արա Վարդանեան դիմաւորեց հիւրերը եւ քաղաքապետարանին կողմէ  յատկացուած սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ նախաճաշ. երգի եւ պարի համոյթի անդամներուն կ՛ընկերակցէին նաեւ «Տարօնեան» միօրեայ վարժարանին սաները: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Սուրբ Նիկոլաոս եկեղեցւոյ թանգարանը Ալեքսանտրուպոլիսի  կեդրոնական հրապարակ, ուր ծանօթացան  քաղաքի տեսարժան վայրերուն, ուղղուեցան  նաւահանգիստ, քաղաքային լողափ, ապա Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ ճաշ:

Երեկոյեան  Ալեքսանտրուպոլիսի  եկեղեցւոյ բակին մէջ ելոյթ ունեցան «Փոքրիկ երեւանցիներ»-ը:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ  Արա Վարդանեան:

 

Լոնտոն

Չորրորդ Հայկական Փառատօն

0718_paradonՕգոստոս 3-ին, Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ ամէնամեայ հայկական փառատօնը: Քենսինկթըն թաղամասի Իվերնա հանրապարտէզի փողոցը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի, ուր հայկական ժողովրդական  երգն ու շուրջպարը համախմբած էին հայեր` Միացեալ Թագաւորութեան բոլոր անկիւններէն:

Փառատօնը սկսաւ «Անդաստան» կոչուող եկեղեցական ծէսով` երկրի չորս կողմերու օրհնութեամբ:

Հայկական փառատօնին ներկայ էր հայկական աւանդական խոհանոցը: Մասնակիցները համտեսեցին խորոված, բազմազան ուտեստներ եւ թխուածքներ` պատրաստուած յայտնի եւ ընտանեկան իւրայատուկ խոհագրերով:

Փառատօնի ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց հայկական տօնավաճառը, որուն կը մասնակցէին բրիտանահայ կրթական ու մշակութային կազմակերպութիւններ եւ անհատներ:

Այս տարի փառատօնին հիւրն էր Հայաստանէն ժամանած ժողովրդական երգիչ Արսէն Գրիգորեան, որ ոգեւորեց բրիտանահայերը` մեկնաբանելով հայկական սիրուած երգեր:

Փառատօնի աւարտին ուղիղ կապ հաստատուեցաւ Պուքրէշի հայ համայնքին հետ, որ նոյն օրը կազմակերպած էր հայկական փառատօն: Երկու երկիրներու հայ համայնքները մեծ պաստառներու միջոցով ողջունեցին զիրար եւ միաժամանակ շուրջպար բռնեցին:

Համայնքներու պալատի ներկայացուցիչ Սթիւըն Փաունտը յայտնեց, որ  փառատօնը Լոնտոնի կեանքին մէջ կ՛աւելցնէ գոյն ու բազմազանութիւն, իսկ Քենսինկթըն  թաղամասի ղեկավար Մէյկրիտ Քոնտոն-Սիմմոնտսը նշեց, որ հայերը Բրիտանիոյ մէջ միշտ շատ լաւ համբաւ ունեցած են:

 

Միացեալ Նահանգներ

Արժանթինահայ Դերասան Գալուստ Ճանսըզեանին`
Մենակատարութիւնը Նիւ Եորքի «Թէքէեան»-ի Բեմէն

0801_JANSEZIAN1Շաբաթ, օգոստոս 1-ի երեկոյեան, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ, մենակատարումով բեմ բարձրացաւ արժանթինահայ դերասան Գալուստ Ճանսըզեանը: Այդ երեկոյ ան հիւրն էր ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին:

Գալուստին թատերական վաստակը կու գայ Պէյրութէն, երբ ան գլխաւոր դերասաններէն էր եղած Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, որուն բեմադրիչն էր թատերական ծանօթ գործիչ ՃորՃ Սարգիսեան: Ան թատերական հիւրախաղերով այցելած է զանազան հայաշատ կեդրոններ` Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ 40 տարիներէ ի վեր Արժանթին հաստատուած է:

Հարաւային Ամերիկայի մէջ ազգային թատերական աւանդութիւնները վառ պահող գրեթէ միակ դերասանն է Գալուստ Ճանսըզեան: Մայրաքաղաքի հայկական թաղամասին մէջ ունի իր սրահը` «Թատրոն» անունով, ուր կը ներկայացուին հայկական եւ օտար թատերական հեղինակներու գործեր:

«Չգիտցայ, թէ ինչպէս» ներկայացումով լուսարձակ կը սփռէ ազգային մեր կեանքին վրայ` հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին եւ շեշտը կը դնէ հայութեան մեծագոյն ցաւին` մեր լեզուին յամրօրէն նահանջող այսօրուան տխուր պատկերին վրայ:

Կը ցաւի նաեւ այն չհասկցուած յարաբերութիւններուն` հայրենաբնակ հայուն եւ սփիւռքահայուն միջեւ: Ոչ միայն լեզուական յարաբերութիւններու, այլեւ` հոգեմտաւորական արժէքներու գնահատումին ու հայրենասիրական զգացումներու չափանիշներու: Ան կ՛երգէ ցաւը Էրզրումի հայոց լեռներէն եկող մեր ֆետայիներուն: Կ՛երգէ մեր երէկի յեղափոխականներու անձնազոհողութեան ոգին: Կը սգայ հայրենիքին կորուստը: Կը ջատագովէ հայութեան քաղաքական ուժերու միութիւնը, կ՛ուզէ տեսնել եկեղեցին միացած: Մեր մշակոյթի արժէքներու տարածումը կը նկատէ անհրաժեշտութիւն: Մեր պատմութեան խորերէն եկած տխուր շղթաները կ՛ուզէ քանդել. Արտաւազդը տակաւին շղթայակապ իր ձեռքերէն կ՛ուզէ ազատել, որպէսզի այլեւս դառնանք իրաւ անկախ ու հզօր ազգ մը` հզօր ու միակ հայրենիքով:

Ցեղասպանութեան դարադարձի նախօրէին լաւապէս հրամցուած մենակատարութիւն մը, ուր կան պատգամներ մեր մեծ գրողներէն` Վարուժանէն, Թէքէեանէն, Սիամանթոյէն ու Շանթէն:

Վերջապէս, Գալուստ կու լայ իր իսկ ցաւը եւս® հոն` Ռիօ Փլաթա գետի ափին, իր մինակութեան մէջ ան կը խաղայ մեր 3000-ամեայ թատրոնը. գէթ պահիկ մը եւս շարունակելու մեր այդ գեղեցիկ աւանդութիւնը` հայ թատրոնը:

Դոկտ. Թամար Քաթարոյեան Մոնրովիոյ
«
Մէյֆլաուըր» Նախակրթարանի Տնօրէնուհի

0725_tamar25 յունիս 2014-ին Մոնրովիոյ հանրային վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդը դոկտ. Թամար Քաթարոյեանը նշանակեց Մոնրովիոյ «Մէյֆլաուըր» նախակրթարանի տնօրէնուհի: Oգոստոս 4-ին ան ստանձնելով իր պաշտօնը`  սկսաւ աշխատանքի:

Դոկտ Քաթարոյեան ծնած է Ֆրեզնօ, անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵԴ-ի: Քալիֆորնիոյ Ըրվայն համալսարանին մէջ մասնագիտացած է տնտեսագիտութեան եւ ընկերաբանութեան ճիւղերուն մէջ:

Ուսուցչական եւ վարչական ասպարէզներուն առընթեր, կրթական մարզէն ներս շարունակելով իր ուսումը, ան ստացած է մագիստրոսի իր աստիճանը, իսկ մայիս 2013-ին «Եու. Էս. Սի» համալսարանէն` դոկտորայի աստիճանը:

Նախորդը

Գործնական Գիտելիքներ. Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ Ճանճերէն

Յաջորդը

Տեսակէտ. Փոքր Ածուի Ծիրանը – Քաղաքական Հաշուեփակ

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.