Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով. Խաղողօրհնէք, Պարգեւատրում Եւ Սիրոյ Սեղան` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եւ Ֆէյթրունի «Սաթելիթի» Համալիրի Մար Ժըրժոս Եկեղեցիներուն Մէջ

August 18, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0817satelitiՎերջին տարիներուն սովորութիւն դարձած աւանդութեան համաձայն, երէկ` կիրակի, 17 օգոստոս 2014-ին, Ժունիէի եւ մերձակայ շրջաններու ամարանոցներու հայութիւնը իւրայատուկ ձեւով ոգեկոչեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, հաւատացեալներ համախմբուեցան Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան յաւուր պատշաճի պատարագ մատուցեց` փոխանցելով  օրուան խորհուրդը եւ խաղողօրհնէքի իմաստն ու ըմբռնումը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մօտ: Ապա կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը մեկնումի պահուն ներկաներուն բաշխեց օրհնուած խաղողի ողկոյզներ:

Նոյն առիթով Ժունիէի եւ մերձակայ շրջաններու ամարանոցներու, յատկապէս Ֆէյթրունի եւ Ֆարայայի հայութիւնը համախմբուեցաւ «Սաթելիթի» համալիրի Մար Ժըրժոս եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, որ հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ անոր խորհուրդին: Սրբազան հայրը այս առիթով դրուատեց հայ մօր դերը, բոլոր այն մայրերը, որոնք բծախնդրօրէն ու հաւատարմութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնները: «Հայ եկեղեցին Աստուածամօր Վերափոխման տօնը նոյնացուցած է հայ մօր հետ եւ այս առիթով կը նշէ հայ մօր տօնը», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան` վեր առնելով եւ բարձր գնահատելով հայ մօր դերակատարութիւնը հայ ընտանիքին մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ խաղողօրհնէքին` նշելով, որ հայ հաւատացեալները խաղողի առաջին հունձքը կը համտեսէին օրհնուելէն ետք միայն: Այնուհետեւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքը:

Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կազմակերպութեամբ եւ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ այս ձեռնարկը շարունակուեցաւ Քլէյաաթ-Ռումիէի «Լը Ռուայոմ» ճաշարանին մէջ, ուր շրջանի հաւատացեալներ համախմբուեցան «սիրոյ սեղան»-ին շուրջ: Այս առիթով Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան ողջունեց ներկաները, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ յայտնեց, թէ այս առիթով կը պարգեւատրուի թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ Յարութ Ասատուրեան` իր երկարամեայ գործունէութեան համար: Ապա ան հրաւիրեց ատենապետ Սեմ Սիմոնեանը, որ յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրէ Յարութիւն Ասատուրեանը: Ասատուրեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց այս պարգեւատրումին  համար: Ապա Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան խօսքը փոխանցեց առաջնորդ Շահէ սրբազանին, որ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:

 

 

Նախորդը

Զմմառու Մայրավանքի` Փոխումն Սրբոյ Կուսին Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Պանք Օթոմանի Գրաւման 118-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին. «Դաշնակցութիւնը Սովորական Օրերու Կուսակցութիւն Չէ, Դաշնակցութիւնը Ճգնաժամի Կուսակցութիւն Է» Ըսաւ Աւետիս Կիտանեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.