Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հակառակ անոր որ Թուրքիոյ մէջ կաշառակերութեան բազմաթիւ պարագաներ բացայայտուած են, սակայն ասիկա պատճառ պէտք չէ ըլլայ թրքական ակումբները կախակայելու եւրոպական մրցաշարքերէն:
Սակայն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պէտք է Եու. Է. Էֆ. Ա.ին փոխանցէ բոլոր այն անձերուն անունները, որոնք նմանօրինակ հարցերով զբաղած են եւ ֆութպոլը վերածած են իրենց անձնական քմահաճոյքին ու անկէ օգտուած:


