Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն ետք (1-1), Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեան պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն ըսաւ.
«Բաղդատմամբ Ա. կիսախաղին, երկրորդին աւելի լաւ շարունակեցինք մեր ներկայացումը: Մենք մեր կազմին մէջ չունինք այնպիսի մարզիկներ, որոնք միշտ իրենց հիմնական տեղը ունին, եւ իւրաքանչիւր մարզիկ մրցումին օրը իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ կը ներկայանայ, նայած, թէ ան ի՛նչ վիճակի մէջ է:
«Ասկէ բացի, մեր կազմը անընդհատ կը փոխուի, որովհետեւ շատերը զօրակոչի կ՛երթան: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն խնդրեցինք, որ սեպտեմբերին բարեկամական այլ մրցում մըն ալ կատարենք, որպէսզի աւելի լաւ ձեւով պատրաստուինք, նախքան Սերպիա մեկնիլը:
«Եզրափակելով ըսեմ, որ կարգ մը մարզիկներ դուրս պիտի մնան խումբէն, որովհետեւ այդքան ալ լաւ ներկայացում չկատարեցին, եւ անոնց փոխարէն նորեր պիտի միացնեմ կազմին»:


