Իր լուրը քաղելով «Ֆորպս» կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա դարձեալ գլխաւորեց աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներուն ցուցակը` յաջորդաբար 10-րդ անգամ ըլլալով (2004-էն սկսեալ):
«Ֆորպս»-ի համաձայն, ան յունիս 2013-էն յուլիս 2014 վաստկած է 24,4 ամերիկեան տոլար:
Ան այդ գումարներուն մեծ մասը վաստկած է ծանուցումի ընկերութիւններուն հետ իր կնքած համաձայնագիրներէն, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են «Նայքի»-ն, «Էյվըն»-ը, «Սամսոնկ»-ը, «Թակ Հէօյըր»-ը եւ «Էվիանհետ»-ը:
Յայտնենք, որ ամէնէն շատ վարձատրուող կին մարզիկներու տասնեակին մէջ կը գտնուին 6 թենիսվումըններ:


