
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, Պըրրի ցաւակցագիրներ յղեց իրանցի պատասխանատուներուն, ինչպէս` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի, նախանցեալ օր Թեհրանի մէջ ջախջախուած օդանաւին զոհերուն համար:
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ ան կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:
«Սաֆիր»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձով` ընդգծելով, որ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձը կարեւոր էր ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու առումով:
Այս շրջագիծին մէջ, Պըրրի հաստատեց, որ ինք պատրաստ է գործակցելու Հարիրիի հետ` դիմադրելու համար Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչութեան, ինչպէս նաեւ նպաստելու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխուժացման:
Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կատարելը կը մնայ առաջնահերթութիւն, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է ճշդուած թուականին կատարել:
Նշենք, որ խորհրդարանը այսօր պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան նիստ մը:


