Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կը Մերժէ Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը, Իսկ Մաշնուք Ապահովական Պայմանները Աննպաստ Կը Նկատէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու

August 11, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք եւ Պըրրի
Մաշնուք եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ ինք Պըրրին տեղեակ պահած է յառաջիկայ հինգշաբթի, 14 օգոստոսին ընտրական մարմինները հանդիպումի մը հրաւիրելու մասին` նկատի ունենալով, որ ըստ օրէնքի, պէտք է յարգել սահմանադրական ժամկէտները եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:

Մաշնուք աւելցուց սակայն, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կամ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու որոշումը երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն մօտ կը գտնուի:

«Իբրեւ ներքին գործոց նախարար իմ պարտականութիւնս է օրէնքը գործադրել եւ սերտել, թէ երկրին մէջ տիրող ապահովական պայմանները կ՛արտօնե՞ն երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել: Անձնապէս երկրին ապահովական պայմանները աննպաստ կը նկատեմ` ճշդուած թուականին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու», ընդգծեց Մաշնուք:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Տապպուր շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան յանձնառու մնալու պաղեստինեան կեցուածքը կը մնայ անփոփոխ:

«Պըրրիի մօտ մենք շեշտեցինք այս կեցուածքը եւ բոլորը քաջ գիտեն, թէ պաղեստինցիները այս կեցուածքէն անշեղ կը մնան», ըսաւ Տապպուր:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային ընդհանուր զարգացումները:

Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ կոչ կ՛ուղղէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի հետ:

 

Նախորդը

Եարզէի Մէջ . Մուքպել Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Արսալի Մէջ Գործադրուած Զինուորական Գործողութիւնները

Յաջորդը

Հարիրի Սալամի Եւ Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Բանակին Ի Նպաստ Սէուտական Յատկացումը Օգտագործելու Միջոցները

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։