Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Լուսանկարչական Յիշողութիւն Գոյութիւն Ունի՞

August 11, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԿԱՆ ԱՆՁԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ ՏԵՍԵԼԷ ԵՏՔ ԿՐՆԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐԵԼ ԱՆՈՐ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞ ԳԵՐՃՇԳՐԻՏ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ: «ՄԵՆԹԸԼ-ՖԼՈՍ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ԱՌԱՍՊԵԼԻ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ:

985memՄանկական գրականութեան դարանները 1990-ական տարիներուն լեցուն էին մանուկ գաղտնի ոստիկաններ պատկերող վէպերով: Անոնց տիպարներէն` Քամ Եանսըն 5-րդ կարգի աշակերտ մըն է, որ օժտուած է լուսանկարչական յիշողութեամբ: Անոր անունը Քամ` «քամերա»-ի կրճատումն է, որովհետեւ ան կրնայ փակել իր աչքերը եւ «քլիք» ըսելով` անմիջապէս իր յիշողութեան մէջ արձանագրել տեսարանի մը իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնը: Դժուար է հաւատալ, սակայն երեւակայական պատմութեան հնարք մըն է այս, որ 5-րդ կարգի աշակերտ մը կ՛օժտէ ոճրային հարցեր լուծելու կարողութեամբ: Սակայն արդեօք իրականութեան մէջ անձ մը կրնա՞յ ունենալ լուսանկարչական գործիքի համազօր ճշգրիտ յիշողութիւն:

Դժբախտաբար կարճ պատասխանը ո՛չ է: «Լուսանկարչական յիշողութիւնը» մեծ մասամբ չափազանցութիւն է: Գերճշգրիտ յիշողութեան վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ տարբեր ախտաճանաչումներով բացատրած են Սթիֆըն Ուիթշըրի նման անձերու ամբողջ երկնակամար մը առանց որեւէ օգնութեան եւ ճշգրիտ ձեւով վերարտադրելու կարողութիւնը` պարզապէս ուղղաթիռով կարճ պտոյտ մը կատարելէ ետք: Հակառակ այն հաստատումներուն, թէ իրարմէ բոլորովին տարբեր մարզերու մէջ աշխատած անձեր, ինչպէս` բնագէտ Նիքոլա Թեսլա եւ երաժիշտ Սերգէյ Ռախմանինոֆ օժտուած էին լուսանկարչական յիշողութեամբ, գիտնականներ հասկնալի պատճառներով դժուարացած են զայն չափող քննութիւն մը պատրաստել: Աշխարհի յիշողութեան ախոյեանները չեն ծածկեր այն միջոցները եւ գիտակցուած վարժութիւնները, զորս կը կիրարկեն զօրացնելու համար իրենց յիշողութիւնը: Հետեւաբար դժուար է զանազանել լուսանկարչական յիշողութիւնը աշխատանքով խթանուած յիշողութենէն:

Գերճշգրիտ յիշողութիւնը իբրեւ լուսանկարչական յիշողութենէն անջատ յիշողութիւն արտասովոր, բայց ոչ անիրական երեւոյթ մըն է, որ նկատուած է մանուկներու 2-15 առ հարիւրին քով: Գերճշգրիտ յիշողութեան տէր մանուկներ եռոտանիի մը վրայ դրուած պատկեր մը 30 երկվայրկեան դիտելէ ետք կրնան յիշողութեամբ ցայտուն կերպով նկարագրել զայն: Անոնք անմիջապէս կրնան ճշգրիտ կերպով մանրամասնութիւններ նկարագրել ներկայ եղանակով: Անոնց հայեացքը կը շրջի դատարկ եռոտանիին շուրջ, կարծէք պատկերը տակաւին հոն է: Անոնց կարողութեան ամէնէն վաւերական քննութիւնը կը կատարուի հետեւեալ ձեւով. պարագայական կէտերու շարք մը կը ներկայացուի, ապա երկրորդ պատկեր մը ցոյց կը տրուի: Անոնք` որոնք իրապէս օժտուած են գերճշգրիտ յիշողութեամբ, կրնան յիշել իրարմէ անջատ առաջին եւ երկրորդ պատկերները, ապա իրենց ուղեղին մէջ միացնել զանոնք եւ ստեղծել 3 տարաչափութեամբ (3 Տի.) պատկեր մը, զոր դիտելու համար մենք կարիքը պիտի ունենայինք 3 տարաչափութեամբ պատկերներ դիտելու յատուկ ակնոցի մը: Յատկանշական է այս կարողութիւնը: Սակայն նոյնիսկ գերճշգրիտ յիշողութիւնը կը խամրի ժամանակի ընթացքին եւ հազուադէպօրէն չափահաս անձեր իրենց յառաջացած տարիքին կը պահպանեն զայն:

Լուսանկարչական յիշողութեան գոյութեան հաւանականութիւնը հրաշալի գաղափար մըն է: Սակայն հարկ է զայն ապացուցել դէպքերէ անկախ: Ճիշդ է, որ պատկեր մը հազար բան կրնայ ըսել, սակայն հաւանաբար առայժմ աւելի լաւ է լուսանկարել զայն` յիշելու համար իւրաքանչիւրը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1964)

Յաջորդը

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Մշակոյթը Ինչպէ՛ս Կ՛որոշէ Մարդկային Ծինական Կազմուածքը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.