Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, 8-10 օգոստոսին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի աթլեթիզմի բաց ախոյեանութեան մրցումները (երկսեռ), ժամը 15:30-էն 19:30:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կէտերու դրութիւնը նկատի պիտի առնուի:


