Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Պէտք Է Պաշտպանենք Նրբաճաշակութիւնը

August 8, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

p020dybcԻՆՉՊԷ՞Ս Կ՛ՈՐՈՇԵՆՔ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾ ՄԸ ԼԱՒ Է, ԿԱՄ` ՎԱՏ: ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԲՈԼՈՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ԻԲՐԵՒ ՀԱՒԱՍԱՐԱՊԷՍ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ, ԶՈՐՍ ԿԱՐԵԼԻ Է ՍԵՓԱԿԱՆԱՑՆԵԼ. ԿԱՐԳ ՄԸ ԳՈՐԾԵՐ ԻՐԱՊԷ՛Ս ԼԱՒ ԵՆ, ՈՒՐԻՇՆԵՐ` ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՎԱՏ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ ԹԻՖԸՆԻ ՃԵՆՔԻՆԶ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ:

«Մեզի համար բնական է ձգտիլ ճաշակի չափանիշի մը,- գրած է սկովտիացի փիլիսոփայ Տէյվիտ Հիւմ, 1757-ին: – Օրէնք մը, որ մէկտեղէ տարբեր անձերու զգացումները, գէթ` որոշում մը, որուն համապատասխան կարելի ըլլայ ընդունիլ զգացողութիւն մը կամ մերժել ուրիշ մը»:

Հիւմ կը փորձէր հաշտեցնել յայտնապէս հակասական երկու դիտարկութիւններ: Առաջին` մարդիկ ընդհանրապէս համաձայն չեն, թէ ի՛նչ է լաւ կամ վատ արուեստը, եւ երկրորդ` անոնք կրնան համաձայն ըլլալ, թէ արուեստի կարգ մը գործեր ընդունուած են իբրեւ մարդկութեան կողմէ կատարուած մեծագոյն իրագործումներ: Նրբաճաշակութիւնը ունի իր հիմքը, եզրակացուցած էր Հիւմ, եւ այս հիմքը մեր զգացումներն են. արուեստի գործի մը նկատմամբ մեր հակազդեցութիւնը: Ան նաեւ ըսած է, թէ ոմանք նրբաճաշակ են, այսինքն` տէր են «նուրբ զգացողութեան եւ վարժութեամբ զարգացուցած են զայն, հետեւաբար կրնան որոշել ճաշակի եւ գեղեցկութեան ճշմարիտ չափանիշը»:

Այսուհանդերձ, այսօր հազուադէպօրէն կ՛ըսենք, թէ անձ մը նրբաճաշակ է: Ճաշակը անմատչելի բառ մըն է, երբ հարցը կը վերաբերի արուեստի: «Լեթց թոք ըպաութ արթ. ուայ ատըր փիփըլ հեւ սաչ պետ թէյսթ»  (եկէք` խօսինք արուեստի մասին. ինչո՞ւ ուրիշներ շատ անճաշակ են) գիրքի հեղինակ Քարլ Ուիլսըն կը նշէ, թէ Հիւմի տեսութիւնը «կարելի է նկատել նախապաշարում մը, կողմնակալութիւն մը` ի նպաստ աւանդութեան, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ շեղելու «բարձրագոյն» չափանիշներէն եւ արգելակելու նոր չափանիշներու ստեղծումը»:

Ամերիկացի քննադատ Քլեմընթ Կրինպըրկ 1950-ական տարիներու վերջերուն հաւանաբար վերջինն էր, որ կը ջատագովէր նրբաճաշակութիւնը: Այնուհետեւ, շատ բան փոխուած  է: Պատմութեան մէջ նրբաճաշակութեան գաղափարը ժխտական ձեւով առնչուած է  այնպիսի հայեցակէտի մը եւ ժամանակաշրջանի մը, երբ խումբ մը սպիտակամորթ տարեց տղամարդիկ իրենց տեսակէտները պարտադրած են ժողովուրդին` ստորադասելով զայն: Այսօր, երբ ըսենք, թէ նրբաճաշակ ենք, մարդիկ ծիծաղի առարկայ կը դարձնեն մեզ, հնաոճ եւ ժամանակավրէպ կը նկատեն մեզ եւ խորհուրդ կու տան «վերատեսութեան ենթարկելու մեր առանձնաշնորհեալ մօտեցումը»: Չկայ աւելի վատ բան, քան` ըսել, թէ արուեստի տուեալ գործ մը վստահաբար աւելի լաւ է միւսէն, եւ թէ` ամէն ոք նոյն ձեւով պէտք է մտածէ:

Ինքնահաւան Կամ` Համեստ

Ֆրանսացի ընկերաբան Փիեռ Պորտօ գլխաւոր դեր ունեցած է ճաշակի նկատմամբ կեցուածքներու փոփոխութեան մէջ: 1979-ին ան գրած է «Տիսթինքշըն. Է սոշըլ քրիթիք աֆ տը ճաճմընթ աֆ թէյսթ» (զատորոշում. ճաշակը դատելու ընկերային քննադատութիւն մը) վերնագիրով ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ վիճակագրութիւն մը կատարած է հազարաւոր ֆրանսացիներու վրայ, հարց տալով, թէ ինչպիսի՛ մշակոյթ մը կը սիրեն: Ան ի յայտ բերած է, թէ նախասիրութիւնները կը տարբերին ըստ խաւի. աշխատաւոր խաւը կը սիրէ համեստ արուեստը, միջին խաւը` կէս համեստ արուեստը եւ այլն: Որքան բարձրանանք ընկերային խաւերէն, այնքան աւելի փառահեղ եւ վերացական կը դառնան նախասիրութեան պատճառները:

Պորտոյի գիրքին վերնագիրը անուղղակի քննադատութիւնն է գերմանացի փիլիսոփայ Էմանուէլ Քանթի այն վիճարկութեան, թէ ճաշակը կրնայ չհետապնդել որեւէ նպատակ: Պորտօ տարակարծիք էր եւ կը վիճէր, թէ ճաշակը միշտ ալ կը հետապնդէ որոշ նպատակ մը. անիկա կը բխի անձնական նպատակներէ: Ինչ որ կը կոչենք «Ճաշակ», պարզապէս խորհրդանշական կապակցութիւններու ընտրութիւն մըն է, որուն միջոցով մենք մեզ կը տարբերենք բոլոր այն անձերէն, որոնք կը պատկանին աւելի ստոր ընկերային խաւերու: Այլ խօսքով, երբ կ՛այցելենք արուեստի թանգարան մը` գեղեցիկ արուեստներու շարքին դասուող գործեր դիտելու համար, պարզապէս աշխարհին կը յայտարարենք մեր «բարձր» խաւի պատկանելիութիւնը:

Այս մեկնաբանութեան ձեւը ընդհանրացած է այսօր: «Գոյութիւն չունի նրբաճաշակութիւն կամ անճաշակութիւն,- կը վիճի Թըռնըր մրցանակի դափնեկիր արուեստագէտ Կրէյսըն Փերի` «Օլ ին տը պեսթ փասիպըլ թէյսթ» (ամէն ինչ` կարելի լաւագոյն ճաշակով) պատկերասփիւռի իր յայտագիրին մէջ: – Ճաշակը պարզապէս արտացոլացումն է այն խաւին, որուն կը պատկանիս»: Փերի ստեղծած է «Տը վանըթի աֆ սմոլ տիֆրընսըզ»  (փոքր տարբերութիւններու սնամէջութիւնը) վերնագիրով 6 հիւսուած պաստառներ` պատկերաւոր ոճով բացատրելու համար իր այն գաղափարը, թէ ընկերային խաւի մը պատկանելիութեամբ պայմանաւորուած է մեր ճաշակը:

Կասկած չկայ, թէ ճշմարտութեան տարր մը գոյութիւն ունի Պորտոյի տեսութիւններուն մէջ: Նոյնիսկ այսօր, երբ սպառողական մշակոյթի հիմերը ընդարձակուած են եւ հաստատուած են ժողովրդավարական սկզբունքներով, մշակոյթը կը մնայ խաւերու վրայ հիմնուած մարզ մը: Սակայն Պորտոյի հայեցակէտը նաեւ հիմնական եւ երբեմն ժխտական անդրադարձներ ունեցած է մշակոյթ ստեղծելու եւ մշակոյթի հետ կապեր հաստատելու մեր մօտեցումին վրայ:

Այնքա՛ն ընդհանրացած է այս ձեւի մտածողութիւնը, որ այժմ հազուադէպօրէն կը խօսուի արուեստ` արուեստի սիրոյն կամ` ճշմարտութեան եւ գեղեցկութեան սիրոյն մօտեցումով: Անիկա դժուարացուցած արուեստի որակը դատելը, նոյնիսկ` արուեստի գործ մը ստեղծելը, որովհետեւ շատ յաճախ անոր մասին ուղղուած հարցումները կը վերաբերին արուեստագէտին դիրքին, ակնդիրին դիրքին, հովանաւորին, տուեալ գործին խորհրդանշական իմաստին:

Հայեցակէտեր

Մինչ նրբաճաշակութիւնը ծիծաղի առարկայ դարձած է, փոխարէնը` որդեգրուած է անճաշակութիւնը: Օրինակ` Եուրովիժընի երգի մրցանքը, ուր ամէն ոք կը գովաբանէ այնպիսի վատ երգեր, որոնք կը դառնան լաւ երգեր: Եուրովիժըն միջազգային հանդիսատեսներ ներգրաւող մարզախաղի մը տարողութիւնը ունի. զայն կը դիտեն միլիոնաւոր անձեր` մերթ քմծիծաղով, մերթ`  աչք ընելով: Կը սիրենք ցոյց տալ, թէ գիտե՛նք` ինչ բան վատ է, սակայն շատ լուռ կը մնանք լաւ բաներու դիմաց: Թուիթըրի վրայ կարելի է փնտռել «պետթէյսթ» (անճաշակ) բառը եւ գտնել տարբեր պատասխաններ, սակայն, եթէ փնտռենք «կուտթէյսթ» (ճաշակաւոր) բառը, կը հանդիպինք ուտեստեղէնի յանձնարարութիւններու (ուր նրբաճաշակութիւնը տակաւին կարելիութիւն մըն է) կամ` բացայայտ հեգնանքի:

Եթէ չենք ընդունիր, թէ անճաշակութիւնը կամ տգեղութիւնը ընդհանրացած են այս օրերուն, գէթ պէտք է ընդունինք, թէ այլազան ճաշակները նորաձեւութիւն են: Ամերիկացի ընկերաբաններ Ռիչըրտ Փիթըրսըն եւ Ռոճըր Քըռն կ՛ըսեն, որ երբ հարցը կը վերաբերի մշակոյթի, այս օրերուն մարդիկ ամէն ինչ ընկալելու պատրաստ են` խուսափելու համար մեծամիտ որակուելէ: Մէկը կրնայ գիշեր մը օփերա դիտել, ուրիշ օր մը` թմբուկով եւ փչողական գործիքներով համերգ մը:

Ներկայ ժամանակներուն զարգացած անձի մը տպաւորութիւնը ստեղծելու միջոց մըն է արուեստը պարզապէս իբրեւ ցուցանիշ ընդունիլը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ արուեստի մասին խօսիլը շատ դժուար է, որովհետեւ ամէն ինչ որակաւորուած է եւ բոլոր դատողութիւնները` կշռուած: Մեզմէ ոմանք նոյնիսկ կը սարսափին ըսելու, թէ արուեստի գործ մը աւելի լաւ է այլ գործէ մը: Ամէն ինչ պարզապէս հայեցակէտի հարց է, ո՛չ աւելին:

Վտանգաւոր է նրբաճաշակութեան չափանիշ մը չունենալը: Իսկ ընկերային խաւերու վրայ հիմնուած արուեստի բնոյթը մատնանշելը որեւէ պատասխան չի տար այն կարեւոր հարցումին, թէ արդեօք արուեստի տուեալ գործ մը որակաւո՞ր է: Գիտնալու համար, թէ ո՛ր արուեստի գործը լաւ է եւ ո՛ր գործը լաւ չէ, թէ` ո՛ր գործը լաւագոյնը նկատուած է եւ զայն պէտք է սիրեն բոլորը, հարկ է ստեղծել հասարակաց մշակոյթ մը:

Ասիկա չի նշանակեր, թէ ճաշակները պէտք է սկիզբէն որոշուին` հակառակ Քարլ Ուիլսընի մտավախութիւններուն: Քանթի եւ Հիւմի օրերուն ճաշակը միշտ ալ արդիւնքը եղած է քննադատական բուռն բախումներու: Ճաշակը պէտք է կազմաւորուի վիճարկութեան ճամբով: Այսինքն` մեր հաւաքականութեան անդամներուն համոզելով, թէ ինչպիսի՛ արուեստ մը արժէք կը ներկայացնէ մեր ընտրած չափանիշներով:

Եթէ արուեստը կարեւոր է, ապա պէտք է կարեւորութիւն ընծայենք որակին: Ասիկա կը նշանակէ ունենալ քաջութիւնը` դարբնելու նրբաճաշակութեան չափանիշ մը:

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Միջին Արեւելքի Արուեստին Նոր Դէմքերը

Յաջորդը

Գուրգէն Մահարի (Աճեմեան, 1903-1969). Չարիքի Կայսրութեան Մեծատաղանդ Երգիչը, Միաժամանակ` Երկրպագուն Եւ Խարազանողը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։