Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբերը ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) յաղթանակներ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն դէմ:
Պուրճ Համուտ 45-38 արդիւնքով յաղթեց Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի, իսկ Պէյրութ Շապապ Արապիի` 59-37 արդիւնքով:
Պէյրութ իր կատարած եօթը մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտեց, մինչ Պուրճ Համուտ կրեց պարտութիւն մը, այդ ալ` Պէյրութէն:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերն ալ ապահովեցին «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իրենց տոմսերը:


