Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, նախքան օրակարգին վրայ գտնուող հարցերուն քննարկումին սկսիլը, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց յիշատակը Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկներուն` Ալի Մըթէյրիքի եւ Նուր Ժամալի: Վերջինս նահատակուած էր քանի մը օր առաջ` Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին եւ ահաբեկչական խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին:
Հրապարակուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կիրակի, 9 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ պիտի մրցի Իժթիմահիի դէմ:
Զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովելու պարագային, ՀՄԸՄ իր դէմ պիտի ունենայ Ամալ Թրիփոլի-Խըյուլ մրցումին յաղթականը:
Հրապարակուեցան նաեւ Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը:
Ֆետերասիոնը հրապարակեց նաեւ փոքրերու եւ կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը:
Կրտսերներու ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, Ա. հանգրուանի մրցումներուն իր դէմ պիտի ունենայ Ահլի Նապաթիէն: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 օգոստոսին, Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին:
Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով.
| ՈՒՐԲԱԹ, 26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
| Ահտ – Թրիփոլի | 15:30 | Պուրճ Համուտ |
| Սալամ Զղարթա – Շապապ Սահել | 15:30 | Զղարթա |
| ՇԱԲԱԹ, 27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ | ||
| Անսար – Ռասինկ | 15:30 | Պէյրութ |
| Շապապ Ղազիէ – Ախա Ահլի Ալէյ | 15:30 | Քֆարժոզ |
| ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ | ||
| Սաֆա – Նըժմէ | 15:30 | Մարզական Աւան |
| Նեպի Շիթ – Թատամոն Սուր | 15:30 | Նեպի Շիթ |


