Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտորը, Թաքսին, Ուէլֆէյրը, 21-ը Եւ 24-ը

August 7, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անուղղայ Կեդրոնականցի Արմենակին հանդիպեցայ Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնը: Եկած էր Էլպիսին հետ: Դիպուածով հոն էինք նաեւ մենք` Մակարուհին եւ ես:

Միշտ ըսելիք ունեցող Կեդրոնականցի Արմենակ, ըստ սովորութեան, պատմեց: Արդէն ե՞րբ պատմելիք չէր ունենար:

– Վաղեմի ծանօթիս զաւակը` Արեգը, Հալէպէն Անգլիա գացեր է, «դոկտորական» աստիճան ստացեր է: Չէ ուզած վերադառնալ եւ հասած է Նիւ Եորք որպէս զբօսաշրջիկ: Յաջողած է «Բացուի՛ր Սեզամ»-ի երազներու «կանաչ թուղթ»-ը ձեռք բերել: Բայց այդպէս ալ «Սեզամ»-ը դռներ չէ բացած: Աշխատանք չէ գտած, եւ զանազան փորձերէ ետք, օրապահիկ ճարելու համար ինքզինք դատապարտած է «թաքսի»-ի վարորդ ըլլալու, ինչպէս` իրեն ծանօթ քանի մը հայ երիտասարդներ: Առանց դժուարութեան, «թաքսի»-ներու ընկերութիւնը, քննելէ ետք «դոկտոր Արեգ»-ի կենսագրականը, համաձայնութիւն կնքած է, ապա ինքնաշարժի մը բանալիները յանձնած է բամպակի մէջ մեծցած Արեգին:

– Այդպէս կ՛ըլլայ նոր կեանք սկսիլը,- ըսի իմ կարգիս:

– Հազիւ կառատունէն դուրս եկած, մթերանոցներու փողոցէն մայր պողոտան տանող անկիւնդարձին, հսկայ մը ձեռքով նշան տուած է «դոկտոր» վարորդին, որ գոհունակութեամբ կանգ առած էր իր առաջին յաճախորդը «վերցնել»-ու համար, ինչպէս որ կ՛ըսեն «ամերիկեան երազ»-ի աշխարհին մէջ: Այդ գրեթէ ամայի փողոցին մէջ, ուր մայթին վրայ բեռնակիրներ մթերանոցներ կը մտնեն եւ անոնցմէ դուրս կու գան, յաճախորդ հսկան զէնքի մը փողը կը հրէ Արեգի ծոծրակին եւ սպառնական շեշտով կը պահանջէ հաւաքուած գումարը: Արեգ կը փորձէ բացատրել, որ դեռ չէ աշխատած, որ իր առաջին օրն է:

Հսկան քիչ մը աւելի կը հրէ զէնքին փողը եւ կը պահանջէ, որ Արեգ անմիջապէս տայ` ինչ որ ունի, եւ ան, ճարահատ կը պարպէ գրպանը եւ կու տայ քանի մը տասնեակ իր վերջին տոլարները: Արեգ ցնցուած` կանգ կ՛առնէ հսկայի անհետացումէն ետք: Փողոցին մէջ շրջան կ՛ընէ. ինքնաշարժը կը տանի եւ կը յանձնէ ընկերութեան, կը պատմէ իր արկածախնդրութիւնը: Կ՛ըսէ, որ իր գործը չէ: Եւ քանի մը ժամ քալելով` կը վերադառնայ իր սենեակը, ուր կը բնակէր քանի մը ընկերներու հետ: «Դոկտոր»-ը ժամանակ մը կ՛ապրի «ուէլֆէյր»-ով: Հիմա կ՛աշխատի առեւտրական կեդրոնի մը մէջ եւ համակարգիչ կը վաճառէ` յուսալով, որ օր մը իր բաժինը կը ստանայ «ամերիկեան երազ»-էն: «Դոկտոր Արեգ» կը բնակի գրասենեակները մաքրող գաղթական մեքսիքացի աղջկան մը հետ:

Արմենակ պահ մը լռեց:

– Սիրելի՛ս,- ըսի իմ կարգիս,- ամանները շատ են: Յաջողելու կիրքը նորերը կը հեռացնէ ընտանիքէն, համայնքէն, ազգէն, հայրենիքէն: Մեր մեծերը չգիտցան «ամերիկեան երազ»-ի փոխարէն «հայրենիքի երազ» տալ, եւ վրայ տուինք` ընտանիք, լեզու, ինքնութիւն, մշակոյթ, եւ ծնունդ տուինք հայրենիքէ հեռացող անդիմագիծ գաղթականներու, դոկտորներու, երաժիշտներու, գրողներու, նկարիչներու, կուշտ ըլլալու երազ հետապնդող ամբոխներու:

– «Ամերիկեան երա՜զ»… վասն «ուէլֆէ՛յր»-ի եւ դեռ այլ բաներու, որոնց մասին չեմ խօսիր, որպէսզի սիրտս չարիւնի,- հառաչելով եզրակացուց Կեդրոնականցի Արմենակ:

ՄԱԿԱՐ

Նիւ Եորք

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Արուեստագէտ Բամբ Երգիչ Գէորգ Կակոսեանի Ձայնագրութեան Ոդիսականը (Խտասալիկի Հրապարակման Առիթով)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.