Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի երկու խումբերը կը կատարեն իրենց վերջին մրցումները, նախքան «Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն սկսիլը: Երեկոյեան ժամը 20:00-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 21:30-ին ՀՄԸՄ Պէյրութ` Շապապ Արապիի դէմ:
Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ:


