Շաբաթասկիզբին Մանչեսթըր Եունայթըտ աւարտեց Միացեալ Նահանգներ իր շրջապտոյտը, երբ «Ինթերնեշընըլ Չեմփիընզ Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ 3-1 արդիւնքով յաղթեց անգլիական այլ խումբի մը` Լիվըրփուլի:
Հակառակ անոր որ 14-րդ վայրկեանին Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Սթիւըն Ժերարի նշանակած փենալթիին, սակայն Եունայթըտ պատասխանեց երեք անգամ` շնորհիւ Ուէյն Ռունիի, Խուան Մաթայի եւ Ճես Լինկարի:
Այսպիսով, մարզիչ Լուիս Վան Կաալի կազմը Միացեալ Նահանգներ իր շրջապտոյտը աւարտեց առանց պարտութեան եւ… տիտղոսով:
Անգլիա վերադառնալով` Մանչեսթըր այժմ իր վերջին պատրաստութիւնները պիտի տեսնէ մասնակցելու համար «Փրեմիեր լիկ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին, որ պիտի սկսի 16 օգոստոսին:
Եունայթըտ իր առաջին մրցումին Օլտ Թրեֆորտի մէջ պիտի հիւրընկալէ Սուանզին:


