Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խրախուսման Արժանի

August 6, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայկական լուրերուն հետեւողները նկատած պիտի ըլլան, որ վերջին տարիներուն որքա՛ն բազմացած են դէպի Հայաստան երիտասարդներ տանող կամ Հայաստանի մէջ ծրագիրներ իրականացնող երիտասարդական նախաձեռնութիւնները:

Մենք մեր կարգին անդրադարձած ենք այս ծրագիրներուն, ողջունած ենք զանոնք, գնահատած` անոնց նախաձեռնողները, մաղթելով, որ անոնք ընդարձակեն իրենց գործունէութեան ծիրը, աւելի հրապուրիչ դարձնեն Հայաստան երթալու եւ այնտեղ օգտակար աշխատանք տանելու գաղափարը:

Պէտք է ըսել, որ ամէնէն մեծ գործօնը այս ծրագիրներու խթանման` Հայաստանի ու անոր ժողովուրդի կախարդական ուժն է: Մեր երիտասարդները ուղղակի հմայուած կը վերադառնան հայրենիքէն, հիացած բնութեան գեղեցկութեամբ, ժողովուրդին մարդկային եւ ջերմ վերաբերմունքով: Կը վերադառնան նաեւ հասունցած, հայրենակիցներու ծանր տնտեսական վիճակը բարելաւելու վճռակամութեամբ, երբեմն նոյնիսկ` քաղաքական համակարգը փոխելու գործընթացին նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութեամբ:

Առանձնապէս ողջունելի է, որ այս ծրագիրներուն ընդմէջէն մեր երիտասարդները ոչ թէ միայն կը ծանօթանան, աւելի ճիշդը` առիթ կ՛ունենան մօտէն ճանչնալու Հայաստանի քաղաքային բնակչութիւնը, այլեւ մարզերու, գիւղական համայնքներու ծանր առօրեային վկաները կը դառնան: Զբօսաշրջիկի կարգավիճակէն դուրս գալով` անոնք չեն բաւարարուիր տարուելով Երեւանի կեդրոնական շրջանին ընձեռած վայելքներով, բաց սրճարաններով, ճաշարաններու առատութեամբ, գիշերային զբօսավայրերու բազմազանութեամբ: Ի միջի այլոց, մենք չենք թերագնահատեր մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնի բարիքները: Այնտե՛ղ է, անոր մայթերուն վրա՛յ է վերջապէս, ուր իրենց առաքելութիւնը սկսելու նախօրէին, կամ` պարտասած վերադարձի ճամբուն վրայ, իրարու կը հանդիպին աշխարհի տարբեր անկիւններէ եկած հայ երիտասարդներ, հայ կամաւոր տղաներ ու աղջիկներ. այդտե՛ղ է, ուր իրարու հետ կը կիսեն իրենց փորձառութիւնները, զգացումները, յուզումները:

Այո՛, հայրենիքը այսպէս, ինքնաբերաբար կը դառնայ նոր տեսակի հնոց մը, ուր կը դարբնուին մեր համայնքներու ապագայ ղեկավարներու հոգիները:

Եկէք` այս գործընթացները խրախուսելու ճամբաներ փնտռենք: Երեւակայեցէք` յաւելեալ քաջալերանքը յաւելեալ ի՛նչ հրաշքներու դուռ կրնայ բանալ:

 

 

Նախորդը

Տաքցա՞ն… Թէ՞ Աւելիով Սառեցան

Յաջորդը

Թուրք-Իսրայէլեան Յարաբերութիւնների Կարգաւորման Շուրջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.