Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահանով Կամ Վահանին Վրայ… Եթէ Դեռ Վահան Կայ. Վահանով Մնալու Ցանկութեամբ

August 2, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հռոմէացիներու հզօրութեան արմատը առաքինութիւնն էր, «վիրթուս»-ը, virtus, հոգեկան ուժը, որով իրենց զինուորները կայսրութիւն կը պահէին` մնալով «վահանով կամ վահանին վրայ»: Մեռած զինուորը որպէս հերոս կը տարուէր վահանին վրայ, վահանով կանգնած իր ընկերներուն կողմէ:

Տասնամեակներէ ի վեր կը պոռչտանք` թուղթի վրայ կամ բարձրախօսներէն հնչեցնելով հանդիսութեան մը տեւողութեամբ գինովցնող բառեր. գոյապայքար, գոյապահպանում, պահանջատիրութիւն, արդարութիւն: Քաղաքավար դարձած ենք, չենք ըսեր` վրէժ, բայց «Վարդանանք» կամ «Նեմեսիս» կը բեմադրենք: Կը ծափահարենք, երբ հայերէն չխօսող մանուկ մը «Խօսք իմ որդուն»-ը կ’արտասանէ:

Այդ բոլորը կը փորձենք, կամ կը կարծենք ընել, ո՞ր ՎԱՀԱՆի ետին իսկական հաւատքով կանգնած (թաքնուած), կառչելով ինքնութեան մը, որ տարբերութեան առթած գիտակցութիւն եւ հպարտութիւն ըլլայ:

Խօսիլ Վահանի Մասին

Ցարդ հաւատացած էինք, հաւատացուցած էին, որ մեր մայրենին, ՀԱՅԵՐԷՆը, վահանն էր, երաշխիք` գոյատեւման: Անով մենք մենք էինք, այլանման չէինք: Անով ոգեկանութիւն կը ժառանգուէր:

Գիրերու գիւտի ամեակներ կը տօնենք: Տօները մարդ կը հաւաքեն:

Ժամանակի գիծին վրայ ՆՈՐԱՀԱՅԵՐ ծնունդ առին: Անոնք անմիջականի, անգիտութեան եւ հայօրէն իմացական փտածութեան (corruption) իբրեւ  հետեւանք, իրենց անկարեւոր կարեւորութեան դէզին վրայ նստած` ազգ եւ մշակոյթ իրենց հոգիի եւ միտքի չափերով ձեւեցին, ի վերուստ շնորհուած-ինքնաշնորհուած անորոշ իրաւունքով, մայրենին դասեցին անկարեւորութեան սիւնակին մէջ:

Ոչ ոք բողոքեց: Չանհանգստացնել եւ չանհանգստանալ նոր իմաստութիւն է:

Այդպէս ալ տնտեսուեցաւ ազգի տեղատուութիւնը: Ոչ վերականգնումը:

Այդպէս ալ կը շարունակուի յարաճուն թափով:

Մինչեւ ե՞րբ: Կը համարձակի՞նք ըսել, թէ «հարա-քիրի»-ն ընթացքի մէջ է:

Ի՞նչ ըսած են եւ ի՞նչ կ’ըսեն մանաւանդ հանգամանաւոր «նորահայ»-երը, որոնց կարծիքին դէմ երթալ մեղանչում է, հետեւաբար լռութիւնը կանոն է:

Եթէ միայն լսել գիտնայինք: Լսելէ ետք չմոռնայինք մեր լսածը` նպարավաճառային հաշիւներով:

Եթէ հռոմէացի զինուորին պէս առաքինի ըլլայինք` մնալով վահանով, յանձն առնէինք, որ ճամբուն ծայրը պիտի հասնէինք վահանին վրայ, ազգին վաղը այսօրուընէ աւելի լաւ կ’ըլլար:

Հայոց պատմահայրերը Հայաստան աշխարհի սահմանները ճշդած էին` ըսելով, որ անոնք կը տարածուէին մինչեւ հոն, ուր հայերէն կը խօսուէր:

Կը համարձակի՞նք, պատմահայրերու իմաստութեան ուղիով ընթանալ եւ հարցնել, թէ ո՞ւր կը կանգնին ազգի անդամութեան-պատկանելիութեան, մշակոյթի ինքնութիւն-անցագրի, եւ ազգային իրաւութեամբ ազնիւ փառասիրութեան սահմանները:

Այս հարցման պատասխան կը փորձե՞նք ճարել առանց խուսանաւելու, առանց մարդորսական ճապկումներու, դիրքապաշտական (չ)իմաստութեան:

Կարծեցեալ գործնապաշտութիւնը դժբախտաբար արգելք է ճիշդ հարցադրումներու, հետեւաբար` ճիշդ պատասխաններ ստանալու:

Եւ պղտորած գետը կը շարունակէ իր հեզասահ ընթացքը:

Երբ Վահանի Եւ Ղեկի Ետին Չենք Միաժամանակ

Եթէ հայերէնը դադրի «հայկական» կոչուած զանգուածներու հաղորդակցական եւ ստեղծագործական լեզուն ըլլալէ, «անցագրային» ի՞նչ անուն պիտի տրուի ըստ միջօրէականներու եւ հորիզոնականներու հայածնունդ նոր բազմաբարբառ զանգուածներուն, զորս նոր հպարտառիթ սահմանումով կը կոչենք «ծագումով հայեր»: Անոնք ՄԷ՞Կ պիտի ըլլան, ժառանգութիւն ՄԷԿ-ին մէջ, թէ՞ բազմաթիւ: Օր մըն ալ ըլլալու համար բազմերանգ:

Այս հարցման պիտի պատասխանե՞նք մնալով ՎԱՀԱՆ-ով, թէ՞ զայն լքելով եւ մենք ալ մնալով մոլորակի շուրջ ցանց հիւսած ճանապարհներէն մէկուն կամ միւսին եզերքը:

Երբ բազմիցս հարուածուած ազգի նաւուն ղեկին ետին կանգնած անձը ինքնութիւն պահելու կոչուած հայ դպրոցի ստեղծման առաջին քայլերուն համար կ’ըսէ, թէ ան ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած է (un coup d’épée dans l’eau), ո՞ւր կը կարծէք, որ կը տանի ազգը: Ո՞ր հաւատքով: Ո՞ւր կրնայ տանիլ: Իր նմանները ո՞ւր կը տանին:

Երբ նոյն ղեկին ետին կը յայտնուի ուրիշ մը, այլ երկինքի մը տակ, եւ վարդապետականօրէն, որպէս լաւ նպարավաճառ` կ’ըսէ, թէ` «հայ դպրոցը հասութաբեր չէ» (rentable), իր խանութը եւ դպրոցը նոյն տոպրակին մէջ դնելով, ո՞ւր կը կարծէք, որ կը տանի ազգը: Ո՞ւր կրնայ տանիլ:

Երրորդը, որ կը յայտնուի նոյն դիրքին վրայ, հեռո՜ւ հեռաւոր ովկիանոսի մը ափի ոստանին մէջ, թերեւս «հայերէ բնակուած աշխարհի ամէնէն մեծ քաղաքը», եւ ոչ միայն ի վերուստ, այլ նաեւ քսակի կողմէ տրուած իրաւունքով, տիրական կերպով կը յայտարարէ, թէ` «հայերէնը ռոմանթիք լեզու է, պիզնեսի լեզու չէ», ո՞ւր կը կարծէք, որ կը տանի ազգը: Ո՞ւր կրնայ տանիլ:

Ռոմանթիք լեզու, որ կը ծառայէ զգացումներ հովահարելու: Խրախճանքի երգ հնչեցնելու:

«Պիզնես»-ը: Սրբազան քահանայապետին դատափետած «դրամի միջազգային կայսերպաշտութիւնը», որուն կամաւոր ստրուկներն ենք, մեր կողմէ իսկ կատարուած քանդումով, հայերէնը կոչելով «ռոմանթիք» լեզու, հասկցէ՛ք` դաշտահանդէսի, խրախճանքի եւ շաբաթավերջի մեծ-մայրիկի ճաշերու լեզու, յաճախ` թրքախառն:

Եւ կ’ընդարմանայ ազգը: Գրեթէ մահաքուն: Coma…

Կը քանդուի «Թորգոմի Տունը», Արարատի փէշերէն մինչեւ Ուրալներ, մինչեւ բազմանուն ովկիանոսներու ափերը:

Ո՞ր շարունակութիւն եղող ազգի մասին պիտի խօսինք:

Բայց ինչո՞ւ կը լռէ մտաւորականութիւնը:

«Ղեկավարութիւններ»-ը այս հարցերը գրա՞ծ են իրենց արժէքներու տախտակին վրայ:

Ինչո՞ւ ազգը յստակութեամբ չի լուսաբանուիր:

Չի լուսաբանուիր, քանի որ մտածողները որոշողները չեն, եւ այս գլխագրուած ՍԽԱԼ-ը պիտի առաջնորդէ անվերականգնելի աղէտի, աղէտ, որ ունի անուններ. կորուստ հայերէնի, որ սոսկ «հաց-պանիրի հայերէն» չըլլայ (Շաւարշ Միսաքեան), արտագաղթ (բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի «Նոյի ագռաւները»), կամ Սիլվա Կապուտիկեանի 1915-էն ետք տեղի ունեցող մեծագոյն աղէտը, անգիտացում սեփական մշակոյթի, այլազան ազդակներու ճնշումով ինքնութեան չքացում…

Երբ ազգը չի լուսաբանուիր, մտաւորականութիւնը կ’ամլանայ-կ’ամլացնեն, հայերէնն ալ կը դառնայ «ռոմանթիք» լեզու, ինչպէս «Քափրի»-ն երգող մեր չհասկցած… իտալերէնը:

«Առանց Լեզուի Ի՞նչ Ազգ»…

Յիշել Ռաֆայէլ Իշխանեանը` ամպագորգոռ ճառերէ առաջ. «Առանց լեզուի ի՞նչ ազգ»…

Ի դէպ, ինչո՞ւ այս չորս բառերը պատերէն չենք կախեր: Չենք կախած… «Կաճեթ»-ի չենք վերածած:

Ինչո՞ւ չենք յիշեր եւ յիշեցներ, որ մենք հայերէնով գրող իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթ ունէինք, երբ ուրիշներ դեռ գրեթէ ծառերու վրայ կ’ապրէին…

Ինչո՞ւ չենք յիշեր եւ յիշեցներ, որ մենք տիեզերքի գաղտնիքները հայերէնով պեղող Անանիա ունէինք…

Անոնց հայերէնը ո՛չ «հաց-պանիրի հայերէն» էր եւ ո՛չ ալ «ռոմանթիք» լեզու, այլ` աշխարհընկալման հզօր գործիք, որ մեր ժառանգութիւնն է:

Հիմա որ համացանցը կայ, «պիզնեսական»-ները երբեմն հարցումներ թող ուղղեն իրենց անգիտութեան խոպանը բնակեցնելու համար…

Եւ գէթ վեց ամիս մանկապարտէզ երթան, հոն կը սորվին Մուշեղ Իշխանի տողերը. «Հայ լեզուն տունն է հայուն, /աշխարհի չորս ծագերուն, / ուր կը մտնէ ամէն հայ / իբրեւ տանտէր հարազատ»:

Մարմարը եւ լողաւազանը կը փոխարինե՞ն նահապետ Թորգոմի եւ Մուշեղ Իշխանի «ՏՈՒՆԵՐ»-ը… Հարազատ տուները…

Իմաստասէրը ըսած է, որ հարցումները աւելի կարեւոր են…

Ամերիկեան ժապաւէնի մը անունն էր. «Օդաչու կա՞յ օդանաւին մէջ»…

Կամ կառապա՞ն մը նստած է օդաչուի կախարդական աթոռին…

 

13 ապրիլ 2014, Լոս Անճելըս

Նախորդը

Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (312). Խօսք Արցունքի Մասին

Յաջորդը

Վրէժ Իսրայէլեան. Գրողի Զսպուած Ուժը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.