Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Զգացումները Վարակիչ Են Համացանցի Ընկերային Կապերու Կեդրոններուն Մէջ

July 28, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ՎՐԱՅ ՈՒՐԱԽ ԲԱՑԱԳԱՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՄ ԶԱՅՐԱՑԿՈՏ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ԱՅՍ ՑԱՆՑԸ ԳՈՐԾԱԾՈՂ ԱՆՁԵՐԸ ԴՆԵԼ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: ՆԱԵՒ ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ՄԵՐ ՀԱՍՑԷԻՆ ԱՅԼՈՑ ԿՈՂՄԷ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ԴՐԱԿԱՆ ԿԱՄ ԺԽՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՔԱՆԱԿԸ  ԻՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ  ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԵՒ ՈՐՈՇԵԼ ՄԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼԻՔ ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ: «ՍԱՅԸՆԹԻՖԻՔ ԱՄԵՐԻՔԸՆ» ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԵՂԷ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՃԱՄԲՈՎ:

985EMԱրդեօք Ֆէյսպուքի վրայ ուրախ կամ տխուր գրութիւն մը կրնա՞յ որեւէ ներգործութիւն ունենալ մեր տրամադրութեան վրայ: Յայտնապէս` այո, ինչպէս ցոյց կու տայ համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող այս կեդրոնին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը:

Երբ Ֆէյսպուք ջնջեց աւելի քան 680 հազար գործածողներու տեղադրած դրական լուրերը, այնուհետեւ անոնք սկսան նուազ դրական եւ աւելի ժխտական լուրեր հրապարակել: Նոյնպէս ալ, երբ ջնջեց ժխտական լուրերը, հակառակը պատահեցաւ:

Փորձառական մակարդակի վրայ կատարուած այս յայտնաբերումները կ՛ապացուցեն, թէ զգացումները վարակիչ են, նոյնիսկ` առանց ուղղակի փոխգործօն կապի մը կամ ոչ բառային խթաններու գոյութեան:

«Այս արդիւնքները մտածել կու տան, թէ Ֆէյսպուքի վրայ այլոց արտայայտած զգացումները իրենց ներգործութիւնը կ՛ունենան մեր զգացումներուն վրայ», կը գրեն ուսումնասիրութեան հեղինակները` «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» թերթին մէջ:

Այն գաղափարը, թէ զգացական վիճակները կրնան տարածուիլ դէպի այլ անձեր, առանց անոնց գիտակցութեան, ծանօթ է իբրեւ զգացական վարակիչ ախտ, որուն գոյութիւնը նախապէս փաստուած է գիտաշխատանոցներու մէջ կատարուած փորձարկութիւններով: Ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ ընկճուածութեան եւ ուրախութեան նման երկարատեւ տրամադրութիւններ կրնան փոխանցուիլ իրական աշխարհի մէջ ընկերային կապերով, սակայն այս յայտնաբերումները միշտ ալ տարակարծութեան նիւթ եղած են, որովհետեւ հիմնուած են յարաբերական ապացոյցներու վրայ եւ հաւանական տարբերակներ նկատի չեն առնուած:

Ի տարբերութիւն` Ֆէյսպուքի ուսումնասիրողները որոշած են զգացական վարակիչ ախտի ապացոյցներ փնտռել համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող կեդրոնին սպասարկութիւնները գործածող անձերուն քով: Ֆէյսպուք գործածողներ յաճախ այս կայքին մէջ կ՛արտայայտեն զգացումներ, որոնք կը կարդացուին այլոց սեփական էջերուն վրայ:

Ուսումնասիրութիւնը, որ կատարուած է 2012-ի յունուարին, տեւած է մէկ շաբաթ, որուն ընթացքին ուսումնասիրողներ պարագայաբար ընտրած են 689003 անձեր, որոնք Ֆէյսպուք կ՛այցելեն անգլերէնով, եւ փոխած են անոնց էջերուն վրայ յայտնուած դրական եւ ժխտական տեղեկութիւններուն բնոյթը: Անոնք Ֆէյսպուք գործածող խումբ մը անձերու էջերէն ջնջած են դրական տեղեկութիւնները եւ այլ խումբի մը էջերէն` ժխտական տեղեկութիւնները (անոնք նախապէս տուեալ անձերուն համաձայնութիւնը ստացած են` ուսումնասիրութիւնը կատարելու համար):

Առանց կարդալու հրապարակուած տեղեկութիւններուն պարունակութիւնը, ուսումնասիրողները գործածած են լեզուագիտական եւ բառ հաշուող համակարգչային ծրագիրներ` որոշելու համար, թէ ո՛ր տեղեկութիւնները դրական են կամ` ժխտական: Ապա անոնք որոշ համեմատութեամբ դրական կամ ժխտական տեղեկութիւններ ջնջած են գործածողներուն էջերէն:

 

Համակարգչային ծրագիրներով գոյացած արդիւնքին համաձայն, Ֆէյսպուքի էջերու վրայ տեղադրուած տեղեկութիւնները 47 առ հարիւր համեմատութեամբ` կը պարունակէին դրական բառեր եւ 22 առ հարիւր համեմատութեամբ` ժխտական բառեր: Հետեւաբար ուսումնասիրողները նոյն համեմատութեամբ տեղեկութիւններ ջնջած են. օրինակ` անձի մը Ֆէյսպուքի էջին վրայ տեղադրուած դրական բառեր պարունակող տեղեկութիւններուն 4.7 առ հարիւրը եւ այլ անձի մը էջին վրայ տեղադրուած ժխտական բառեր պարունակող տեղեկութիւններուն 2.2 առ հարիւրը:

Ապա ուսումնասիրողները հաշուած են իւրաքանչիւր անձի գործածած դրական կամ ժխտական բառերուն համեմատութիւնը եւ վերլուծած են Ֆէյսպուքի էջերու վրայ տեղադրուած աւելի քան 3 միլիոն գրութիւններ, որոնց ամբողջութիւնը կը բովանդակէր 122 միլիոն բառ (4 միլիոն դրական բառեր եւ 1.8 միլիոն ժխտական բառեր):

Անոնք ի յայտ բերած են, թէ այն անձերը, որոնց գործածած դրական բառերը ջնջուած են անոնց հրապարակած տեղեկութիւններուն բովանդակութենէն, այնուհետեւ նուազ թիւով դրական եւ աւելի մեծ թիւով ժխտական տեղեկութիւններ հրապարակած են, մինչդեռ այն անձերը, որոնց գործածած ժխտական բառերը ջնջուած են, նուազ թիւով ժխտական եւ աւելի մեծ թիւով դրական տեղեկութիւններ հրապարակած են:

Աւելի՛ն. այն անձերը, որոնք նուազ թիւով զգացական տեղեկութիւններ գտած են  Ֆէյսպուքի իրենց էջերուն վրայ, ընդհանրապէս նուազ արտայայտուած են:

Յայտնաբերումները մտածել կու տան, թէ զգացական վարակիչ ախտի երեկոյթներու կարելի է հանդիպիլ համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող կեդրոններու մէջ, նոյնիսկ երբ դէմ առ դէմ փոխգործօն յարաբերութիւն գոյութիւն չունի երկու անձերու միջեւ: «Մենք ապացուցեցինք, թէ պարզապէս Ֆէյսպուքի ճամբով բարեկամի մը զգացական արտայայտութիւնները «լսելու» անկարողութիւնը բաւարար է զերծ մնալու համար անոնց ազդեցութենէն»:

Ֆէյսպուք գործածողներ պարզապէս չեն կրկներ իրենց բարեկամներուն արտայայտած զգացումները` նուազ թիւով դրական կամ ժխտական տեղեկութիւններ հրապարակելով, այլ անոնք յաճախ կը ցուցաբերեն Ֆէյսպուքի իրենց էջէն ջնջուած այլոց տեղեկութիւններուն հակառակ զգացումը:

Աւելի՛ն. ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ ոչ բառացի վարուելակերպը կամ` «շարժուձեւերու լեզուն» յայտնապէս անհրաժեշտ չէ զգացումներ փոխանցելու համար: Գրութիւն մը առանձինը բաւարար է զգացումներ փոխանցելու համար:

Հետաքրքրական է, որ յայտնաբերումները նաեւ մարտահրաւէր կ՛ուղղեն այն գաղափարին, թէ այլոց հրապարակած դրական տեղեկութիւնները կրնան ժխտական ներգործութիւն ունենալ, որովհետեւ մարդիկ կը սկսին իրենք զիրենք բաղդատել իրենց բարեկամներուն հետ: Փոխարէնը` ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ Ֆէյսպուքի իրենց էջին վրայ այլոց հրապարակած դրական տեղեկութիւնները կարդալով` մարդիկ կը մղուին իրենք ալ դրական տեղեկութիւններ հրապարակելու:

 

Ուսումնասիրողները կը նշեն, թէ զգացումներ արտայայտող տեղեկութիւններու ներգործութիւնը չնչին է` նկատի ունենալով տրամադրութեան վրայ ազդող առօրեայ փորձառութիւններու տարողութիւնը: Սակայն, նոյնիսկ չնչին ներգործութիւններ կրնան մեծ անդրադարձներ ունենալ Ֆէյսպուքի նման ընկերային կապերու հսկայական ցանցի մը վրայ, ուր տեղադրուած տեղեկութիւն մը կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ նաեւ համացանցէն դուրս` մարդոց զգացումներուն վրայ:

 

«Զգացումներու եւ ֆիզիքական բարօրութեան միջեւ կապի մը գիտական ապացոյցները մտածել կու տան հանրային առողջապահութեան ծիրին մէջ այս յայտնաբերումներուն կարեւորութեան մասին», կը գրեն ուսումնասիրութեան հեղինակները:

 

 

Նախորդը

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Ամէն Ինչ Ուղեղին Մէջ Է

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուածային Վարդապետին Այժմէական Դաստիարակութեամբ…

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.