Ուեսթ Համի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ Էնտի Քերըլ, որ փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ, շուրջ չորս ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
25 տարեկան Քերըլ նախորդ տարի մաս կը կազմէր Լիվըրփուլի:


