Եուվենթուսի նախկին մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ այն լուրերը, ըստ որոնց ինք պիտի ըլլայ Փարիզ Սեն Ժերմենի նոր մարզիչը` փոխարինելով Լորան Պլանը:
«Նմանօրինակ յայտարարութիւններ ամբողջութեամբ հեռու են իրականութենէ, որովհետեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչը պիտի չըլլամ: Մինչ արձակուրդի էի, այսպիսի լուր մը կարդացի մամուլին մէջ, ինչ որ երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ», ըսաւ Քոնթէ:
Ըստ իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթին, ֆրանսական ակումբը գաղտնի բանակցութիւններ կ՛ունենայ 44 տարեկան Քոնթէի հետ, որովհետեւ իր յոյսերը կորսնցուցած է այժմու իր մարզիչին` Պլանի հետ:


